Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գեղարուեստական Երկեր» Հատոր Ա. Եւ Բ. (Հեղինակ` Գէորգ Աճեմեան)

May 17, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սփիւռքահայ արձակագիր, քննադատ եւ խմբագիր Գէորգ Աճեմեան ծնած է 1932-ին հիւսիսային Սուրիոյ Մումպուճ գիւղաքաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնեան վարժարաններուն մէջ, ապա յաճախած է Ալեփփօ ամերիկեան քոլեճ, զոր աւարտած է 1948-ին: Իսկ 1954-1958 կրթական տարիներուն հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի  փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն:

Քանի մը տարի աւանդած է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներ Պէյրութի երկրորդական վարժարաններու եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ:

Պէյրութի մէջ հիմնած է «Help» գրատունը եւ իբրեւ խմբագիր` աշխատակցած է լիբանանեան անգլիատառ «The Daily Star» օրաթերթին:

Եղած է մնայուն աշխատակիցը Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, որուն խմբագրութիւնը վարած է 1975-1988 թուականներուն:

Վաղ տարիքին աշխատակցած է Հալէպի «Գրասէր» խմորատիպ թերթին, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին, «Շիրակ» եւ «Բագին» պարբերականներուն:

1976 թուականէն սկսեալ ապրած է թէ՛ Լիոնի եւ թէ՛ Պէյրութի մէջ: Մահացած է Լիոն, 1998 թուին:

Գէորգ Աճեմեան ունեցած է շուրջ յիսուն տարուան գրական բեղուն գործունէութիւն, որուն ընթացքին լոյս ընծայած է բազմաթիւ արձակ երկեր: Իր մահէն ետք սոյն գործերը վերահրատարակուեցան Երեւանի մէջ, «Գեղարուեստական երկեր» խորագրեալ զոյգ հատորներով, «Սփիւռք» գիտաուսումնական  Կենտրոն, Երեւան, «Գասպրինտ» հրատարակութեան կողմէ, 2012-ին, նախաձեռնութեամբ իր հարազատներուն: Սոյն հատորներուն առաջինը կը բաղկանայ 560 էջերէ, իսկ երկրորդը` 648:

Գէորգ Աճեմեան հանրածանօթ անուն է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իբրեւ արձակագիր, գրական քննադատ եւ խմբագիր: Գրած է պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր եւ քննադատական յօդուածներ սփիւռքահայ պարբերական մամուլին մէջ:

Պատմուածքներու շարքին կը դասուին հետեւեալ գործերը. «Անկարելի պատմութիւն», (1956), «Օրերէն ետք», (1958) եւ «Անապահովութեան փողոցներ», (Պէյրութ, 1964 ու Երեւան, 1968):

Վիպակներու մաս կը կազմեն «Ապագայի հետքերով», (1982) ու «Սիրային մեղեդիներ», (2005) խորագրեալ երկերը:

Իսկ վէպերը կը ներկայանան հետեւեալ խորագիրներով. «Անորոշութեամբ եւ մասամբ նորին», (1959), «Ակամայ ծաղրածուն եւ այլ դերասաններ», (1968), «Յաւերժական ճանապարհ», (1975) եւ «Յարդգողի ժառանգորդները», (1983):

Վերոյիշեալ գործերէն զատ, Աճէմեան հրատարակած է նաեւ ընկերային, քննադատական եւ վերլուծական բնոյթ կրող հետեւեալ երկերը. «Պիտի չարչարեմ բառերը», (Խոհեր, 1967), «Տեսական-քննադատական փորձեր», Գիրք Ա. (1962) եւ գիրք Բ. (1980), «Միակ լուծումը» (Խոհեր, 1972), «Քաղաքական իրապաշտութի՞ւն, թէ անձնատուութեան պատրաստակամութիւն», (Խոհեր եւ վերլուծումներ- 1992), «Պիտի յիշե՞նք երբեւիցէ Արեւմտեան Հայաստանը», (վերլուծումներ, 1998) եւ «Խօսք ճանապարհի», (յօդուածներ, 1999):

Գէորգ Աճեմեան գրած է նաեւ անգլերէն լեզուով հետեւեալ երկերը. «Symphony in Discord», («Աններդաշնակ համանուագ», վէպ, 1961), «The Fallacy of Modern Politics», («Արդի քաղաքականութեան պատրանքը», 1986) եւ «A Time for Terror», («Ահաբեկչութեան ժամանակը», վէպ, 1997):

«Գեղարուեստական երկեր» խորագրեալ հատորներուն յառաջաբանը գրած է հայրենի գրական քննադատ եւ խմբագիր Սուրէն Դանիէլեան:

Յիշեալ գործերով հեղինակը գրական հարուստ ժառանգութիւն մը ձգած ըլլալու գոհունակութեամբ հեռացաւ աշխարհէն:

Երկար տարիներ Աճեմեան ապրեցաւ ստեղծագործական մթնոլորտի մէջ, ուր երազեց եւ տագնապեցաւ գեղապաշտական ապրումներ կենսագործելու ցանկութեամբ: Այս յղացքով, չմնաց ներփակուած վերացական ոլորտներու մէջ, այլ ապրեցաւ ընկերային լայն շրջանակներու մէջ, ուր վայելեց մտերմութիւնը իմացական ձգտումներու, հետամուտ երիտասարդ մտաւորականներու եւ գրագէտներու: Եղաւ ունկնդիր գրագէտի իր ներքին ձայնին ու նաեւ հաւատարիմ` իր գրական բնատուր կոչումին:

Ապրեցաւ ժողովուրդին հետ ու եղաւ բաժնեկից անոր ցաւերուն: Մօտէն շահագրգռուելով շրջապատի համեստ մարդոց տագնապներով` մշակեց հարազատ գոյներով պատկերացուած իրապաշտ գրականութիւն մը:

Այս իւրայատկութեամբ, Գէորգ Աճեմեան կերտեց կենդանի կերպարներ, որոնց միջոցով երգեց սէրն ու վիշտը, հրճուանքն ու թախիծը, ունեւորութիւնն ու թշուառութիւնը, խաղաղութիւնն ու պայքարը, որոնք կազմեցին գործօն տարրերը իր վիպական երկերուն:

Պէտք է ըսել, թէ հեղինակը ունի մաքուր եւ անսեթեւեթ լեզու: Իր գործերուն մէջ չենք հանդիպիր անծանօթ բառերու: Իւրաքանչիւր պատմուածք կամ վէպ, ինչ նիւթ որ ալ ընդգրկէ, կը փոխանցէ ընթերցողին ընկերային իմացական կամ ազգային երեւոյթներու շուրջ ուշագրաւ ծանօթութիւն:

Յանդգնութիւնը կը կազմէ հիմնական յատկանիշը Գէորգ Աճեմեանի գրական խառնուածքին, զոր ան ժառանգած է Սասնոյ լեռներուն վրայ դարաւոր Ոսոխին դէմ մաքառած քաջարի հայդուկներէն…

Ապրիլ 2013
Պէյրութ

Նախորդը

Հայկական Յուշարձանների Կարգավիճակը Թուրքիայում` Ըստ Միջազգային Իրաւունքի

Յաջորդը

Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Ատրպատական Եւ Թաւրիզ` Թաւալող Հարուստ Պատմութիւն Մը (Ա.)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.