Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպիսի՞ Վերաբերում Ունենալ Բարդ Հիւանդութիւններէ Տառապող Հիւանդներու Հետ» Նիւթով

May 16, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անիթա Փափազ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 15 մայիս  2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպիսի՞ վերաբերում ունենալ բարդ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներու հետ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան Անիթա Փափազ:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, որ իւրաքանչիւր հիւանդ իւրայատուկ պարագայ մըն է, որ տարբեր ձեւերով կը հակազդէ տարբեր հիւանդութիւններու: Հիւանդին առողջական եւ հոգեկան վիճակը պէտք է լաւապէս հասկնալ, վախը եւ անձկութիւնը աւելի կրնան ծանրացնել հիւանդին կացութիւնը:

Հոգեբան Անիթա Փափազ դասախօսութեան սկսաւ նկարագրելով այն վիճակը, երբ ընտանիքին անդամներէն մէկը կը հիւանդանայ, եւ այն կացութիւնը, որ կը ստեղծուի ընտանիքին ու շրջապատին մէջ` ունենալով իր ընկերային, տնտեսական տարբեր մակարդակի հետեւանքները: Յաճախ անսպասելիօրէն պատահող վերոնշեալ փոփոխութիւնը շրջապատը եւ ընտանիքի անդամները կը դնէ դժուար կացութիւններու առջեւ: Անհրաժեշտօրէն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնի այս ժամանակաշրջանը եւ ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ապագային վրայ: Այս հանգրուանին հոգատարի պայմանները պէտք է ըլլան կայուն եւ հաստատ` շարունակել կարենալու համար հիւանդին որակաւոր առողջապահական ու հոգեբանական խնամքը:

Շարունակելով նիւթը` հոգատարի առողջ ու կայուն ֆիզիքական ու առողջապահական վիճակի պահպանման առումով հոգեբանը ներկաներուն հարցուց, թէ քանի՛ հոգիներ խնամած են կամ կը խնամեն հիւանդներ իրենց ընտանիքներուն մէջ, եւ լսելով զանոնք փորձեց բացատրել ներկայացուած տարբեր կացութիւնները:

Հոգեբան Անիթա Փափազ յաջորդ բաժինով թուեց տարբեր հիւանդութիւններ, ինչպէս` սրտանօթային հիւանդութիւնը, շաքարախտը, գերճնշումը, երիկամային, շնչառական, լեարդային հիւանդութիւնները, ալզհայմըրը, փարքինսընը, որոնք ունին տարբեր ընթացք, եւ լաւապէս հասկնալու ու խնամելու համար խնդրոյ առարկայ անձը, հոգատարը պէտք է տեղեակ ըլլայ հիւանդութեան հիմնական գիտելիքներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնայ հիւանդին:

Դասախօսը նշեց նաեւ տարբեր նշաններ, ախտանշաններ, կամ փոփոխութիւններ, զորս պէտք է նկատի ունենալ` համապատասխան միջոցներու դիմելու եւ ամբողջական հոգատարութիւն ապահովելու համար հիւանդին:

Ի՞նչ են այն միջոցները, որոնք կը նպաստեն հոգատարի բարւոք վիճակին:

1.- Լաւապէս տեղեակ ըլլալ հիւանդութեան մասին:
2.- Լաւապէս հոգ տանիլ իր անձին:
3.- Կարողութիւնները եւ սահմանները լաւապէս գիտնալ:
4.- Շրջապատին հետ փոխյարաբերութիւնները լաւապէս պահել:
5.- Նեցուկ կանգնող խմբակ մը ունենալ:
6.- Փորձել լաւագոյն օգնութիւնը ստանալ շրջապատէն:

Աւարտին հոգեբան Անիթա Փափազ մանրամասն բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

21-25 Մայիսին. Լիբանանի Աթլեթիզմի Տարիքային Ախոյեանութիւն` Ժամհուրի Մէջ

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.