Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցարնի Կը Հրաժարի Հայերուն Յայտնած Ներողութենէն Եւ Կը Խախտէ Պնդումը Ուղղելու Խոստումը

May 13, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ապրիլ 30-ին հայերը արթնցան հետեւեալ հրատապ լուրով. «Ռուսլան Ցարնի ներողութիւն կը խնդրէ հայ համայնքէն», ինչպէս կը հաղորդէր Մասաչուսեց նահանգի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթի խմբագիր Ալին Գրիգորեան:

Ցարնի մինչեւ ներողութիւն խնդրելը միջազգային լրատուամիջոցներուն ըսած էր, որ «իսլամացած հայ մը լուացած էր» իր զարմիկներուն` Պոսթընի ահաբեկիչներ Թամերլանի եւ Ճոխարի ուղեղները: Հօրեղբայր Ցարնի, հայ մը կապելով այս նողկալի յանցագործութեան հետ, յառաջացուցած էր զայրոյթը բոլոր հայերուն, որոնք կասկածելի շարժառիթներ կը տեսնէին անոր տարօրինակ պնդումներուն ետին:

Բնականաբար հայերը հանգստացան` իմանալով, որ Ցարնի «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին ըսած էր հետեւեալը. «Հայաստանը շատ հզօր մշակոյթ ունի, ուստի ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ անոր [Միշայի] ինքնութիւնը որեւէ կապ չունի անոր հետ: Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի»: Շարունակելով խօսքը` ան ներողութիւն խնդրած էր հայ համայնքէն` զայն «այս հրէշաւոր իրադարձութեան» հետ կապելուն համար:

Թէեւ Ցարնիի ներողութիւնը լաւ սկիզբ էր, սակայն անհամեմատելի էր այն ահռելի վնասին հետ, զոր ան պատճառած էր աշխարհասփիւռ հայերուն` արատաւորելով անոնց բարի համբաւը: Միայն հայկական թերթի մէջ ներողութիւն խնդրելը չէր կրնար ի չիք դարձնել այդ վնասը, քանի դեռ ան իր ըսածը չէր կրկնած «Սի. Էն. Էն.»-ով կամ այլ պատկերասփիւռի ընկերութիւններով:

Կապ հաստատելով Ցարնիի հետ` հարցուցի անոր, որ արդեօք նման ներողութիւն պիտի հայցէ՞ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան դրական պատասխան տուաւ, քանի որ կ՛ափսոսար հայու անունը «այս տխուր դրուագի մէջ» ներքաշելու համար: Ցարնի շեշտեց, որ ինք չէ «խօսած բոլոր հայերուն մասին, այլ` միայն հայկական ծագում ունեցող մէկուն: Ես երբեք մտադրութիւն չեմ ունեցած վնասելու հայերուն կամ ոեւէ մէկուն: Շատ կը ցաւիմ, որ հայ ժողովուրդին անունը օգտագործուած է: Ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ: Ես կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել: Ոչ մէկուն հաճելի պիտի ըլլայ առնչութիւն ունենալ նման արարքի հետ»: Ցարնի խնդրեց ինձմէ հայ ժողովուրդին տեղեկացնել, որ սարսափելիօրէն վատ կը զգայ պատկերասփռուած իր հարցազրոյցներուն մէջ հայերու մասին խօսելուն համար:

Նկատի առնելով հրապարակային նոր յայտարարութիւն ընելու անոր պատրաստակամութիւնը, անոր առաջարկեցի օգնել` ներողութիւն խնդրելու նոր գրութիւն պատրաստելու հարցով` հետագային պատկերասփիւռով անոր հաւանական ելոյթին համար: Նախ ան ողջունեց այդ գաղափարը, սակայն աւելի ուշ յայտնեց, որ ինք ո՛չ իմ առաջարկս կ՛ընդունի, ո՛չ ալ իր յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ` պնդելով, որ իր նախկին յայտարարութիւնները հաւաստի էին, քանի որ Միշան հայկական ծագում ունէր, անտեսելով այն փաստը, որ Ազրպէյճանի մէջ ծնած Միշա Ալախուերտով ունէր խառն` հայկական եւ ուքրանական ծագում: Ցարնի նաեւ յայտնեց, որ երբեք նկատի չէ ունեցած «ողջ [հայ] ազգը: Անիկա անձնաւորութեան պարզ բնութագիր էր, որուն անունը ես այն ժամանակ չէի գիտեր: Եթէ գիտնայի, որ անոր անունը Միշա էր, ան կ՛ըլլար Միշա, այլ ոչ թէ` հայ կամ մէկ ուրիշը»: Ան արդարացուց նաեւ «նոր իսլամացած հայկական ծագում ունեցող» արտայայտութեան օգտագործումը` պնդելով, թէ մտադիր եղած է «օգնել լրատուամիջոցներուն, լրագրողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն` այդ մարդը գտնելու համար»: Հետեւաբար ան որոշած էր ներողութիւն չխնդրել պատկերասփիւռով, ինչպէս որ նախօրօք խոստացած էր:

Նաեւ ան վիճարկեց «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին լուրը իր ներողութիւն խնդրելուն մասին` պնդելով, թէ իր ըսածը «սխալ մէջբերած են»: Ան յայտարարեց. «Ես երբեք չեմ ըսած` «Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի»: Ես ըսած եմ, որ մտադրութիւն չեմ ունեցած հայերուն անունը գործածելու պայթիւններուն հետ կապուած: Ես խօսած եմ որոշակի անձնաւորութեան մասին, եւ ինծի ըսին, որ անոր մասին տեղեկութիւնը հաստատուած է իբրեւ ճիշդ տեղեկութիւն»: Հակառակ Ցարնիի ուշացած հերքման, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթը տէր կը կանգնի իր հաղորդած լուրին, եւ ես որեւէ պատճառ չունիմ կասկածելու այդ թերթին ճշմարտացիութեան:

Ես Ցարնիին յիշեցուցի անոր անկատար մնացած յանձնառութեան մասին` ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս գալու «հայ Միշայի» մասին անհիմն պնդումները ուղղելու վերաբերեալ: Ան դեռ չէ պատասխանած, քանի որ զբաղած է իր զարմիկին` Թամերլանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելով:

Բազմաթիւ անպատասխան հարցեր կան Ցարնիի մասին: Հակառակ անոր որ համացանցը լի է անոր անցեալին վերաբերեալ տարբեր տեսակի մեղադրանքներով, սակայն կը գերադասենք կանգ առնել հայ համայնքին համար առաւել անմիջական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ.

– Ինչո՞ւ Ցարնի ներողութիւն խնդրեց «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթէն, իսկ յետոյ փոխեց կեցուածքը ու պնդեց, թէ իր ըսածը սխալ մէջբերած են: Արդեօք ան կը ցաւէ՞ր լրատուամիջոցներուն ըրած իր նախկին յայտարարութիւններու համար, իսկ այնուհետեւ անոնցմէ հրաժարեցաւ «անյայտ շահերէ» խորհո՞ւրդ ստանալով այն մասին, որ պէտք չէ հայերէն ներողութիւն խնդրել:

– Ինչո՞ւ ան անձնական յանձնառութիւն ստանձնեց իմ առջեւս` հանդէս գալու գլխաւոր պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն` հայերէն ներողութիւն խնդրելու համար, իսկ յետոյ հրաժարեցաւ անկէ:

Այս անպատասխան հարցերը կը ստիպեն միայն զարմանալ հօրեղբայր Ցարնիի խորհրդաւոր շարժառիթներէն եւ առեղծուածային կապերէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Արա Յարութիւնեան. «ԱՌԻ-ին Արցախի Զարգացող Շրջաններում Մեր Ամենայաջողուած Ծրագրերից Է»

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Կը Քարոզեմ «Յիսուսը, Որ Վերացաւ Դէպի Երկինք…»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.