Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Բազմահարիւր Հայորդիներու. Շուշիի Ազատագրութեան 21-ամեակի Մեծաշուք Եւ Արժանավայել Տօնակատարութիւն

May 11, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն`      ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանի, հոգեւոր հայրերու եւ քոյրերու, կրթական պատասխանատուներու, արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքի անդամներուն, ծնողներու եւ նախկին ու նոր մեսրոպեանականներու:

ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբի աշակերտները երգեցին Արցախի քայլերգը:  Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ Շուշիի աշխարհագրական եւ ռազմական դիրքին կարեւորութիւնը Շուշիի ձեռքբերումը վերածեց յաղթանակներու յաղթանակին, Արցախի միջնաբերդի ամրապնդման:

Չարըգեան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրումէն 21 տարիներ ետք, այսօր գոյութիւն ունի Շուշին պահելու խնդիր, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, մեծ թէ փոքր, ունի իր պարտականութիւնը` զօրակցելու Արցախին, մասնակից դառնալու վերականգնման աշխատանքներուն եւ ի հարկին դառնալու սահմաններու պահակը:

Ապա Մարիլին Գասարճեան ասմունքեց «Արցախի լեռներ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Նարօտ Ադամեան ջութակով եւ Անի Գասպարեան դաշնամուրով նուագեցին երկու ստեղծագործութիւններ:

Շուշիի պանծալի յաղթանակին հերոսներու զոհաբերութիւնը արժեւորող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ղարաբաղ իմ»,  «Հայոց Երկիր» եւ «Յառաջ Հայաստան» երգերը: Խումբի գեղարուեստական պատասխանատուն է Գարմէն Աճեմեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, Շուշին մարմնաւորած է հայու ինքնուրոյնութիւնը եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային բնազդը: Ան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրման ազդեցութիւնը ակնյայտ էր պատերազմական հետագայ գործողութիւններուն վրայ եւ քաղաքի ազատագրումին յաջորդեց Լաչինի միջանցքի բացման բարեյաջող գործողութիւնը, որ ճեղքեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման օղակը:

Դոկտ. Աւետանեան հաստատեց, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք Շուշին վերականգնելու եւ վերաբնակեցնելու մարտահրաւէրին դիմաց, որ պարտաւորութիւն է եւ հրամայական: Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրման կռիւներուն 57 նահատակները հետեւեցան գաղափարական պատուիրաններուն, եւ մենք` ապրողներս, պէտք է ապրինք ու գործենք նոյն պատուիրաններով:

Բանախօսութեան յաջորդեց վարժարանի նուագախումբին կատարումը. վերջինս նուագեց «Արդեօք ովքեր են» եւ «Ղարաբաղ»-ը: Նուագէն ետք Լիզա Հայրապետեան ասմունքեց «Ձօն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը  փակուեցաւ վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ արցախեան երգաշարի ներկայացումով, խմբավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա «Շուշի» պարախումբը պարեց «Տրնթէզ»-ը,  որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Պարախումբի պարուսոյցն է Սարին Արթինեան:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը իր առաքելութեամբ կը հետեւի Վիգէն Զաքարեաններու ուղիին` տէր կանգնելով հայրենի հողին, արժէքներուն եւ ժառանգութեան: Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, որ Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ Շուշիի յաղթանակը վերանորոգեց հայութեան պայքարելու կամքն ու ոգին:

Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ գերապայծառ Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի պահպանիչով եւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Արտասանական Մրցում` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն

Յաջորդը

Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Կրթական, Մշակութային, Կուսակցական Եւ Ազգային-Հասարակական Գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։