Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը

May 11, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս  ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի վարչութիւնը` առաջնորդութեամբ յիշեալ վարչութեան ատենապետ Մազլում արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ յիշեալ համախմբումը շուրջ վեց տարի առաջ յառաջացած էր շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն օրհնութեամբ: Անոր նպատակն է համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները, ներդաշնակել անոնց ունեցած կարելիութիւններն ու մարդուժը եւ որոնել ազդու միջոցներ քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը ապահովելու իրենց ապրած երկիրներու ընկերութեան կեանքին: Յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպոյեան:

Վեհափառ հայրապետին հետ համախմբումի վարչութեան հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումները, «Արաբական գարնան» ստեղծած նոր կացութիւնը, քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցումը եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Ակնարկելով յիշեալ հարցերուն` վեհափառ հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու շրջանին կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը, հակառակ անոնց դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Վեհափառը նաեւ կարեւոր նկատեց քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն հարցին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին Մազլում արքեպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս փոխանցեց հրաւէր` մասնակցելու յառաջիկայ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համաքրիստոնէական համագումարին, որուն նաեւ պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սփիւռքի ներկայացուցիչները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Դասախօսութիւն` Արեան Ճնշումի Նորագոյն Դեղին Մասին

Յաջորդը

ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբի «Լեռներու Կանչը» Խորագիրով Ելոյթը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.