Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ողջոյնի Խօսք` Ուղղուած Ի Նպաստ Սուրիահայ Օժանդակութեան Համերգին Կազմակերպուած Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Համաերիտասարդական Խմբաւորումին Կողմէ (6 Ապրիլ, 2013)

May 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՈՒՇՎԱՐԴ

Յուզումի, հիացումի եւ հպարտութեան այն ալիքը, որ պատեց ողջ էութիւնս այս երգահանդէսին, նոյն փորձառութիւնը, վստահ եմ, սիրելի հանդիսականներ, եղաւ նաեւ ձե՛րը, որովհետեւ այս գիշերուան ձեռնարկը սոսկ երգահանդէս եւ պարի ելոյթ մը չէր ուրիշ հանդիսութեանց նման իր մտայղացումով, կատարողութեամբ ու նպատակով:

Տարբեր էր մտայղացումով, որովհետեւ լիուլի ծրագրուած ու գործադրուած էր խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք  տաղանդ ու ժամանակ միախառնելով իրենց ժողովուրդի տառապանքին` յաջողցուցին ճոխ բովանդակութեամբ եւ հեզասահ ընթացքով գովելի այս ձեռնարկը: Կատարողութեամբ,  որովհետեւ տարբեր նահանգներէ ժամանած հանդիսավարէն մինչեւ արուեստագէտները, պարախումբի պատանիներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ վարագոյրի ետին աշխատողները կամաւոր կերպով եւ մեծ ուրախութեամբ իրենց սիրտը միախառնած էին ի խնդիր այսօրուան ելոյթին յաջողութեան: Նպատակով, որովհետեւ նուիրուած էր Ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ սփիւռքի կարեւորագոյն գաղթօճախներէն միոյն, եւ այս օրերուն մահասփիւռ սարսափով կոտտացող մեր սիրեցեալ քոյրերուն ու եղբայրներուն` սուրիահայ գաղութի օժանդակութեան վսեմ եւ բարեսիրական ծրագրին:

Արդարեւ, այս գիշերուան ձեռնարկը կու գայ ցոլացնելու մեր նահատակուող ժողովուրդի գոյատեւման գաղտնիքներէն մին, այն թէ` «Մեր վէրքերով, մեր երգերով դարուց դարեր քալենք պիտի»: Այո՛, մեր երգերը խառնելով մեր վէրքերուն, այսօրուան հանդիսութիւնը «որպէս կաթիլ մը ջուր` ծով պահանջի դիմաց», ինչպէս այսօրուան հանդիսավարը յայտնեց, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի առատանայ, եւ որպէս սպեղանի ծառայէ արիւնաքամ մեր հարազատներու վէրքերուն: Այո՛, մեր այսօրուան երգահանդէսով մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կ՛ըսենք` «Դուք մեր սրտերուն, մեր մէջն էք, մենք ձեզ երբեք չե՛նք մոռանար»:

Ահա թէ ինչո՛ւ բարձրօրէն կը գնահատենք մեր երիտասարդներուն նախանձախնդրութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` օգնութեան հասնելու յետցեղասպանութեան սփիւռքեան քաղաքամայր հանդիսացող սուրիահայ մեր ժողովուրդին: Ապրի՛ք, երիտասարդներ, հազա՛ր ապրիք: Եւ ո՛չ միայն ապրիք կ՛ըսենք, այլ ձեր մէջէն կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդը 21-րդ դարէն 22-րդ դար առաջնորդող հայ երիտասարդութիւնը:

Երկրորդ, սիրելի արուեստագէտներ, այսօր ո՛չ միայն խանդավառեցիք ներկայ հասարակութիւնը եւ արժանացաք անոնց ծափողջոյններուն, այլ ձեր ձայնի ալիքները պիտի հասնին մինչեւ Դամասկոս, Հալէպ, Քեսապ եւ Տէր Զօր ապրող մեր տառապող ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի մեր հայրերն ու եղբայրները շարունակեն կուրծք տալ երեւելի եւ աներեւոյթ վտանգներու, մեր մայրերն ու քոյրերը պահպանեն իրենց ընտանիքներու սրբութիւնն ու արժանապատուութիւնը, եւ առհասարակ մեր ժողովուրդի զաւակները հայու արդար քրտինքով շահուած իրենց հացը բաժնեն ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլ նոյնիսկ` ոչ հայուն հետ:

Եւ վերջապէս, սիրելի հանդիսականներ, այսօրուան ձեռնարկը, հովանաւորուած եկեղեցւոյ եւ համագործակցութեամբ քաղաքական, բարեսիրական, մարզական, մշակութային, ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութեանց ու մարմիններու, կու գայ ապացուցանելու, թէ ինչպէս մարմինի մը մէկ անդամը երբ ցաւի, մարմինը ամբողջ կը տառապի, նմանապէս այս եւ նման ձեռնարկներով մենք կը հաստատենք, որ մէ՛կ ժողովուրդ ենք, եւ համահայկականութեան միտքն ու սիրտը զօրաշարժի ենթարկելով իր բոլոր ուժերը` օգնութեան կը հասնի հայրենիքի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին իր իւրաքանչիւր անդամին, որպէսզի մնանք առողջ եւ չնահանջենք մեր հաւաքական երթին մէջ:

Միասնականութեան այս ոգիով ծրագրենք ու գործենք` մեր աչքերը յառած Արարատին ու Լուսաւորչի կանթեղին, ի հզօրացումն եւ ի յառաջդիմութիւն փառապանծ հայ ժողովուրդին:

 

 

 

Նախորդը

«Այլազան Գրութիւններու Ժողովածու» (Հեղինակ` Վարդգէս Շամլեան) (Իրաւաբան)

Յաջորդը

Գէորգ Գանտահարեանի Յիշատակին. Օրհնութեան Հաւատով…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.