Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուող Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, յաջողեցաւ երկու յաղթանակ արձանագրել` իր կատարած 7-րդ եւ 8-րդ հանգրուանին գծով:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Շապապ Ֆաուարը եւ Անդրանիկ Պէյրութը, երկուքն ալ 3-0 արդիւնքով:


