Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեանց Ուսումնական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի գրասենեակին, 30 ապրիլին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու երկրորդական բաժնի աշակերտներու հանդիպում` ամերիկաբնակ պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ:
Կազմակերպիչ խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Թաներ Աքչամի կենսագրական տուեալները եւ հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր խօսքը:
Թաներ Աքչամ աշակերտներուն խօսեցաւ իր կեանքին մասին, թուրք պետութեան կողմէ հալածանքներուն, իր ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ չէ կրցած որեւէ համալսարան ընդունուիլ, որովհետեւ թուրք պետութիւնը ազդարարած է համալսարանի պատասխանատուները: Ան յայտնեց, թէ բազմաթիւ անգամներ բանտարկուած է, ինչպէս նաեւ` իր ընտանիքին անդամները: Անդրադառնալով իր ունեցած հետաքրքրութեան Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ան բացատրեց, թէ համալսարանի իր դասընկերուհիներէն մին, որուն մայրը հայ էր, մղած է զինք իր թեզը պատրաստելու Ցեղասպանութեան մասին: Ան նաեւ գործակցած է Վահագն Տատրեանի հետ:
Եզրափակելով իր խօսքը` ան շեշտեց, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ բանակցութիւններ ըլլան հայերու եւ թուրքերու միջեւ:
Աւարտին աշակերտները հարցումներ ուղղեցին անոր:


