ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Անշուշտ թէ ապրիլ 24 թուականը սրտին կսկծանքի, մեղադրանքի եւ բողոքի զգացումներով լեցուն ալիքներ կը յառաջացնէ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ` թուրքին հանդէպ, մանաւանդ` նոր աւիւնով տոգորուած երիտասարդութեան մօտ, քանի որ իրենց հայրերուն հանդէպ գործադրուած ահաւոր ջարդերը անոնց արիւնը կը բորբոքի ու իսկապէս կը վրդովին:
Բոլորս, առաւել կամ նուազ չափով ամէն տարի յիշատակի այդ օրը կ՛ալեկոծինք ներքնապէս, երբ կ՛ոգեկոչենք այդ սեւ թուականը եւ եղածին հանդէպ անզօր` պահ մը մեր մտքերուն մէջ թուրք ոճրագործ ցեղին անունը կը պատճառէ արտայայտելու բիւր լուտանքներ եւ անէծքներ` մեծ ու պզտիկ անհատներու բերնով, թէ կազմակերպուող սգահանդէսներու ընթացքին:
Սակայն վերջերս հանդիպեցանք այպանելի երեւոյթի մը` ապրիլ 24-ի օրը, Պէյրութի եւ արուարձաններու մէջ թաղէ թաղ, պատերու վրայ թէ գետինները փողոցներու վրայ մեծ տառերով ներկուած` իբր թէ թուրքը նուաստացնող եւ անարգելու միտումով հայհոյանքի գրութիւններ եւ գծագրութիւններ` անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Հաւատացէք` մենք ամչցանք զանոնք դիտելով. բայց գիտցէք, որ այդ միջոցը չ՛ազդեր թուրքին, ինչպէս որ կ՛ըսեն, անամօթին երեսին թքես իսկ` չի զգացուիր, բայց մենք է, որ մեր ծանրութիւնը կը կորսնցնենք այդ պարագային, երբ հասարակ եւ գռեհիկ ձեւի կը դիմենք: Այո, ամէն տեսակի բողոքներ կարելի է բարձրացնել, բայց` ոչ անքաղաքակիրթ ըսուելու աստիճան, այլ` հայու վեհանձնութեամբ եւ արդար մարդու քաջ կեցուածքով պահանջատէր երեւնալու: Այո, թերեւս երիտասարդներ, եռուն խանդով եւ վրէժի տենդով մղուած, հաւանաբար ինքնագլուխ ըրին այդ բոլորը, բայց որպէսզի պահած ըլլայինք մեզի արժանի մակարդակը, կրնայինք ընտրել աւելի ցցուն եւ ազդու ձեւեր` օտարներու համակրանքն իսկ շահելու: Օրինակ` շատ տպաւորիչ պիտի ըլլար հաւաքել քանի մը հարիւր 10-12 տարեկան մանուկներ եւ այդ օր ապրիլ 24-ին զանոնք օթոպիւսներով տանիլ եւ իջեցնել թրքական դեսպանատան առջեւ եւ բռնած ըլլան պաստառներ գրուած` արաբերէն, անգլերէն լեզուներով մեր պահանջը արտայայտող, նոյն ատեն, գոնէ ժամ մը հոն կանգնած` կանչեր արձակեն կարճ ոճերով: Նոյնպէս, անոնց մեկնելէն ետք, գան եօթանասունը անց քանի մը հարիւր հայեր եւ մէկ ժամ պէտք եղած ցոյցը կատարեն: Այս առիթով կարելի է հրաւիրել նախապէս միջազգային յայտնի թերթերու եւ հեռուստատեսիլներու թղթակիցներ, որպէսզի նկարին վերոյիշեալներու տեսարանները եւ ղրկեն իրենց պատկանած մասնաճիւղերուն, եթէ նոյնիսկ վճարովի ըլլան անոնք: Ու կարելի է որոնել նման այլ միջոցներ:
Ահաւասիկ մեր կարծիքը` յաջորդ տարիներուն գէթ ինքնազսպումով եւ խաղաղ միջոցներով մեր ըսելիքները եւ նպատակները կարենանք հասցնել թուրքին եւ միւս ազգերուն, մինչեւ այն օրը, որ պայքարի այլ միջոցներ ձեռնտու ըլլան հասնելու մեր երազներուն:
25 ապրիլ 2013


