Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Խմբաւորման Ցանկագրումի Արշաւ` «Սարդարապատ» Ակումբին Մէջ

April 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:30, «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղերու:

Ներկայ էր «Վանայ ձայն»-ը, իր ուղիղ եթերով «Մեր հիւրը յայտագիրէն» խօսք առին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, Շրջանային վարչութեան մօտ առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբէն Թագուհի Ատալեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան, նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեան, «Ռուբինա» եւ «Աշխէն» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ), ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ շրջանի կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ:

Օրուան ընթացքին շրջանին մէջ գտնուող հայրենակիցներ ներկայացան «Սարդարապատ» ակումբ եւ արձանագրեցին իրենց անունները, որպէսզի ապագային ըլլան արիւն տուողներ. անոնց կարգին էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ այլ 250 անձեր: Իսկ անոնք, որոնք իրենց արեան խմբաւորումը չէին գիտեր, անվճար արեան խմբաւորման քննութիւն ստացան:

Յաջորդ ցանկագրումը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-9:00, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, գործակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Արցախ», «Գայեանէ», «Նայիրի» եւ «Սեւան» մասնաճիւղերուն, իսկ Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն, գործակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Անի» եւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղերուն:

Սիրելի՛ հայրենակից, ընդառաջէ՛ ԼՕԽ-ի կոչին եւ փութա՛ արձանագրուելու:

 

Նախորդը

ԼԵՎԱՄ-ի Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Այնճար. Համացանցի Կայքէջի Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.