Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջատիրական Միացեալ Կոչ. Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Վերադարձնել Հայկական Բռնագրաւուած Եկեղեցիներն Ու Եկեղեցապատկան Կալուածները

April 26, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2015-ին հայ ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին պիտի նշէ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, աքսորի ճամբուն վրայ վերապրած հայերը ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի` ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ ու աշխարհի տարբեր պետութիւններու մօտ:

Անհատական սեփական կալուածներու կորուստին կողքին, Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ ապրող հայութիւնը կորսնցուց նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներ` եկեղեցիներ, սրբատեղիներ, վանքեր, կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական կեդրոններ, մշակութային ու կրօնական մեծ արժէք ունեցող իրեր` խաչքարեր, ձեռագիրներ, սրբանկարներ եւ այլն: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու բռնի միջոցներով տեղահանուած հայ ժողովուրդին պատկանող բոլոր կալուածները սեփականացուեցան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ` «լքեալ կալուածներ» անունին տակ:

Ցեղասպանութենէն 98 տարիներ ետք, Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը, որպէս իրաւայաջորդը Օսմանեան կայսրութեան, ոչ միայն կը մերժէ ընդունիլ իր նախորդներուն ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլ կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը` բռնագրաւուած պահելով հայ ժողովուրդին կրօնական ու մշակութային արժէքները, եկեղեցապատկան կալուածներն ու իրերը:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ պետութեան եւ կը պահանջենք.

1) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում.

2) Ամբողջական հատուցում հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ

մարդ­կային ու ազգային բռնագրաւուած իրաւունքներուն.

3) Հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն ու եկեղեցապատկան կալուածներուն եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէք ներկայացնող իրերուն անյապաղ վերադարձը հայ ժողովուրդին` որպէս անոնց իրաւատէրը:

Աղօթքով յիշելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը` կը դատապարտենք ամէն բռնարարք` ուղղուած աստուածապարգեւ կեանքի, մարդու արժանապատուութեան եւ մարդկութեան խաղաղ համակեցութեան դէմ, որովհետեւ «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ` խաղաղութեան» (Ա. Կորնթ. 14,33), ու մարդիկը կը հրաւիրէ սիրոյ, համերաշխութեան եւ գործակցութեան:

Երախտագիտութեամբ կը յիշենք այն բոլոր ժողովուրդներն ու պետութիւնները, որոնք Ցեղասպանութեան օրերուն ապաստան տուին տեղահանուած հայերուն եւ հոգատարութիւն ու եղբայրական սէր ցուցաբերեցին հայրենազրկուած ու տարագրուած հայերուն հանդէպ:

Հայ ժողովուրդը յաւէտ երախտապարտ պիտի մնայ նաեւ այն բոլոր պետութիւններուն, որոնք մարդասիրութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուած` դատապարտած ու պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք միասնաբար իրականացնելու հայ ժողովուրդին պահանջները` յանուն արդարութեան եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.                                  
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ             
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ, Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ                                    

ԱՐԱՄ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Ապրիլ 24, 2013

 

 

Նախորդը

Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Մեր Եկեղեցիներու Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Վերադարձը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Յուշագիր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.