Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ. Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

April 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին «Փիեռ Ժեմայէլ»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած դասախօսական երեկոյ մը, ուղղուած` կուսակցութեան քատրերուն, ինչպէս նաեւ ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերուն:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Միշել Խուրի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ հայր Աւետիք Յովհաննէսեան:

Օրուան բանախօսն էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Լիբանանեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Ապա կուսակցութեան պատասխանատու անդամներէն Ժաք Աուն արտասանեց բացման խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ 1915-ին հայութիւնը ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած կանխամտածուած ցեղասպանութեան, որուն նպատակն է ամբողջ ազգի մը բնաջնջումը:

Ան շեշտեց սակայն, որ հայը չյուսալքուեցաւ, այլ տոկաց ցաւին ու արհաւիրքներուն, պայքարեցաւ ու մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր պայքարն ու պահանջատիրութիւնը:

Աուն նշեց, որ այս առիթով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը բաժնէ հայութեան ցաւը:

Հայոց ցեղասպանութեան աղէտը խորհրդանշող լուսանկարներով լեցուն սրահին մէջ, ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:

Ապա երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ հայութիւնը կառչած կը մնայ իր հաւաքական յիշողութեան եւ այդ պատճառով է, որ Հայ դատին համար պայքարը կը շարունակուի:

«Հայութիւնը լիբանանեան հիւսուածքին անմասնատելի մէկ բաժինն է, որ իր դերակատարութիւնը ունեցած է երկրին ու պետութեան կազմութեան մէջ: Իրականութեան մէջ, եթէ լիբանանցին հայութեան յիշողութենէն ուսանելի դասեր քաղէ, ապա ան կը լուծէ երկրին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր», շեշտեց ան:

Ս. Ժեմայէլ նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը բազմազանութեան կուսակցութիւնն է եւ չ՛ուզեր, որ Լիբանան իր այդ հարստութիւնը կորսնցնէ: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը լիբանանահայութեան հանդէպ պարտաւորութիւններ ունի եւ հայութեան իրաւունքը պաշտպանելու ու անոր նկատմամբ իր յարգանքը ցուցաբերելու քայլերու պէտք է դիմէ: Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պէտք է մնայուն կերպով մաս կազմէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան, առանց Թուրքիոյ հետ երկրին դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու, ինչպէս է պարագան եւրոպական այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահած են Թուրքիոյ հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները` մնայուն կերպով անկէ պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իր խօսքին աւարտին, երեսփոխան Ժեմայէլ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան, որ լիբանանցիին սորվեցուցած է հաւաքականութեան եւ անհատին արժէքը, ինչպէս նաեւ արմատներուն կառչած մնալու, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պահելու եւ իր դատին տէր կանգնելու կամքը:

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս Վերա Եագուպեան, որ պատմական ընդհանուր  ակնարկ մը կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր նախորդող ու յաջորդող հանգրուաններուն, ինչպէս  հայութեան տառապանքին, սփիւռքի կազմութեան եւ մինչեւ օրս շարունակուող պահանջատիրութեան մասին:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հայութեան դէմ գործուած ոճիրը տակաւին կը սպասէ իր լուծումին: «Հակառակ անոր որ մեծ թիւով պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց եւ այնպէս հայը մինչեւ օրս ինքզինքին կ՛ուղղէ շարք մը հարցումներ, որոնցմէ են. ո՞ւր է Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը` գործուած Մեծ եղեռնին առումով, Անատոլուի հայերը, ասորիները, քաղդէացիները ո՞ւր են: Ինչո՞ւ հայերը Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ կ՛ապրին եւ անոնց ինքնութիւնը օրական դրութեամբ կորսուելու սպառնալիքին դիմաց կը գտնուին:

«Ի՞նչ է ճակատագիրը այն հարիւր հազարաւոր հայերուն, որոնք կրօնափոխ եղած են` իրենց կեանքը փրկելու համար, եւ տակաւին կը վախնան բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը չէ պատժած Թուրքիան` արգիլելու համար ապագային գործուելիք նման աղէտներ եւ ցեղասպանութիւններ:

Արդեօք մենք օրական դրութեամբ կրօնի, ինքնութեան եւ ժողովրդավարութեան անունով ոճիրներ չե՞նք վկայեր: Արդեօք շրջանին մէջ մեր ընկերութիւնները նոր օսմանականութեան ախորժակներուն սպառնացող վտանգին ենթակայ չե՞ն», հարց տուաւ ան:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ հայութեան յիշողութիւնը վառ կը մնայ: «Ան տակաւին Թուրքիոյ կեցուածքին կը սպասէ, ինչպէս նաեւ հատուցումներ կը պահանջէ, որովհետեւ թրքական պետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ` պատասխանատու է միջազգային օրէնքին դիմաց եւ պէտք է կատարէ իր բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները», ըսաւ ան:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ հայութեան դէմ թրքական ատելութիւնը կը շարունակուի: Փաստը այն է, որ Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի սահմանները փակ պահել եւ տնտեսապէս ճնշել անոր վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման մէջ զիջումներ քաղելու նպատակով:

Դասախօսական երեկոն աւարտեցաւ հարցում պատասխաններով:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Իր Պատգամը Ուղղելով Անթիլիասի Մայրավանքի Շրջափակին Մէջ Համախմբուած Հայ Աշակերտութեան` «Անցնող Սերունդները Ճանաչման Սերունդներ Եղան, Ձեր Սերունդը Հատուցման Սերունդ Պիտի Ըլլայ» Ընդգծեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Յաջորդը

«Քաղաքական Լուծումը Սուրիական Տագնապի Լաւագոյն Լուծումն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.