Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Առցանց Թանգարան Ստեղծուած Է

April 24, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առիթով ամերիկեան «Memco Inc.» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է Ցեղասպանութեան առցանց թանգարան, որ կը գործէ http://www.genocide-museum.am հասցէով:

Թանգարանը այցելուներուն առիթ պիտի տայ առցանց այցելելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ, ծաղիկներ դնելու յաւերժական կրակին մօտ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրելու թանգարան-հիմնարկին մէջ ներկայացուած փաստաթուղթերը, լուսանկարներն ու ցեղասպանութեան մասին վկայող այլ նիւթեր:

Առցանց թանգարան այցելել փափաքողներէն կը պահանջուի ընդամէնը մուտք գործել թանգարանի կայքէջ եւ ներբեռնել առաջարկուող դիմումը: Այնուհետեւ անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան զբօսնելու առցանց յուշահամալիրին եւ թանգարանին մէջ` մուկի շարժումներու կամ ստեղնաշարի միջոցով: Ծրագիրը կարելիութիւն կու տայ այցելութիւններ կատարել թէ՛ ցերեկը, եւ թէ գիշերը: Այցելութեան ընթացքին կարելի է ունկնդրել երաժշտութիւն:

«Memco Inc.» ընկերութեան նախագահ Կարէն Մելիքեանի համաձայն, թանգարանի մտայղացումը ծագած է այն պատճառով, որ բնակելով Միացեալ Նահանգներ` կարելիութիւն չունի ամէն տարի այցելելու Ծիծեռնակաբերդ:

«Ստեղծելով Ցեղասպանութեան առցանց թանգարան, նպատակ ունէինք հնարաւորութիւն տալ ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ արտերկրում բնակուող մեր հայրենակիցներին եւ հայ ժողովրդի բարեկամներին, ովքեր հնարաւորութիւն չունեն ֆիզիքապէս ներկայ գտնուել յիշատակութեան արարողութիւններին, նոյնպէս այցելել Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակին», յայտնած է Մելիքեան:

Նշենք նաեւ, որ Ցեղասպանութեան առցանց թանգարանը «Memco Inc.» ընկերութեան նուիրատուութիւնն է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1963)

Յաջորդը

«Ես Հայաստան Չեմ Դիտեր»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.