Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

April 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ երէկ` կիրակի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 98-րդ  յիշատակութեան հսկումը: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ եւ պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հոգեւորականներ: Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց ՀԿՀՄ-էն Լիւսի Տէօքմեճեան: Երիտասարդի կամքով խօսեցաւ ան եւ ըսաւ. «98 տարիներ եւ 2 քայլ հեռու ենք այդ դժոխային դէպքերու 100-ամեակէն: Ու մենք անընկճելի կամքով կը քալենք հատուցման պահանջատիրութեան ճամբէն` մերժելով թրքական տարաբնոյթ խաբեբայութիւնները եւ դիւանագիտական նենգ նկրտումները»:

Լիւսի Տէօքմեճեան
Ռիթա Քուրումլեան

Արաբերէն բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Քուրումլեան, եւ շեշտեց յատկապէս, թէ հայկական հարցը միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ անիկա համայն մարդկութեան դատն է:

Ապա մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի, հայերէն երգերու շարան մը ներկայացուց եւ վերջաւորութեան քանի մը պարմանուհիներ պարեցին հայկական պար մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը նշուէին 1915-էն սկսեալ Մեծ եղեռնի յիշատակումին հանգրուանները, համընթաց հայկական հարցի պատմական համառօտ ակնարկով` «փոսթ Ճենոսայտ թայմլայն»: Տեսերիզը պատրաստուած էր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին կողմէ:

Միհրան Նաճարեան

Օրուան հայերէն պատգամը տուաւ Միհրան Նաճարեան, որ շեշտեց  հայու հաւատարմութիւնը իր արմատներուն, ապա ընդգծեց «հաւատարմութեամբ զօրացած` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը եւ վերջապէս, անտեղիտալի պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մեր անտեսուած բայց անժամանցելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն վերականգնումին»:

Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Այնքան ատեն որ կան Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պէս համաշխարհային առաջնորդներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Թուրքիոյ ճանչնալու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ իբրեւ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր, հայութիւնը կը հաւատայ, որ անպայման պիտի գայ անկարելի կարծուածը կարելի դարձնող օրը, նման Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան: Այս անկոտրում հաւատքով ալ ան պիտի շարունակէ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման իր պայքարը»:

Ապա նոր համադրումով ներկայացուած «Կռունկ»-ի մեղեդիին վրայ պարեցին Լուսին Մազմանեան եւ Փաթիլ Գանտահարեան:

Ժորժ եպիսկոպոս Պագունի

Արաբերէնով օրուան խօսքը արտասանեց արհիապատիւ Ժորժ եպիսկոպոս Պագունի` Սուր քաղաքի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը, որ առաքելութիւն մը վարած է 2004-ին դէպի Հայաստան` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Ան խօսակցական արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ որքան սակաւ կը յիշուի լիբանանեան եւ մանաւանդ Լիբանանի եկեղեցական առօրեային մէջ հայոց այս ողբերգական էջը: Ան յիշեց, որ ինչպիսի մեծ յուզումով այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

«Անմեղներու սպանութիւնը մեծագոյն ոճիրներէն է», ըսաւ ան:

Իբրեւ եկեղեցի, մենք նախ մեծ կարեւորութիւն պարտինք տալ այս նահատակութեան եւ հայոց վկայութեան: Ապա ան նշեց, լիբանանեան ընկերութիւնն ալ պարտի բան մը ընել այս ուղղութեամբ` պաշտպանելու համար Հայ դատը: Ան առաջարկեց կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարան մը Լիբանանի մէջ:

Փակման խօսքեր արտասանեցին Էլիզապեթ Խազում (արաբերէնով) եւ Սագօ Հալլաճեան (հայերէնով), որոնք երիտասարդ  սերունդի ձայնով հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ խոստացան: Այնուհետեւ անոնք խնդրեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը իրենց եւ բոլոր հայ երիտասարդներուն համար:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը փակման խօսքին մէջ յիշեց քրիստոնեային հաւատքը եւ մարտիրոսներուն ու նահատակներուն տուած բարի օրինակը: Ան իբրեւ գերագոյն օրինակ բերաւ Մեծ եղեռնի զոհերը, որոնք հաւատարիմ մնացին Աւետարանին եւ թէ «ինչպէ՛ս հիանալի կերպով անոնք իրենց հաւատքը փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ»:

Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու «Հայր մեր»-ով փակեց հսկումի պահը եւ օրհնեց մեծաթիւ ժողովուրդը:

 

 

 

Նախորդը

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Նուիրուած Գեղանկարներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Ս. Նշան Վարժարանի 110-ամեակի Եւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի 50-ամեակի Նշում. 135 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Կրթական Առաքելութեան Շարունակութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.