ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ 2014-ի պիւտճէն ներկայացնելու ընթացքին յայտնած է, որ «Թուրքիան սառեցուած տագնապներու մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Կիպրոսի հարցերուն մէջ օգնելու համար մեզի հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ: Ան այս հարցերուն մէջ կառուցողական դերակատար կրնայ ըլլալ»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Թուրքիոյ համար իր «կառուցողական դերակատար կրնայ ըլլալ» խօսքով անուղղակի կերպով կը հաստատէ, որ Թուրքիա ներկայիս կառուցողական դերակատարութիւն մը չունի, սակայն նոյն ատեն այդ դարձուածքը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ աւելի մեծ դերակատարութիւն մը վստահելու ցանկութեան մասին կը յուշէ: Այլ հարց, թէ Քերրի կառուցողական ըսելով ճիշդ ի՛նչ կը հասկնայ:
Այստեղ գոյութիւն ունի Թուրքիոյ կառուցողական ըլլալու ունակութեան հարցը, ինչպէս նաեւ այն բնական հաւանականութիւնը, որ ամերիկեան դիտանկիւնէ «կառուցողական» նկատուող դերակատարութիւնը հայկական կողմէն դիտուած այլ գունաւորում կրնայ ունենալ:
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա շեշտակիօրէն ազրպէյճանամէտ կեցուածք ունի եւ դժուար է պատկերացնել, թէ Ազրպէյճանի սիրոյն իր շահերուն համընկնող Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը սառեցնող երկիր մը Պաքուի համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցի մը մէջ ինչպիսի՛ կառուցողական դերակատարութիւն մը կրնայ ունենալ:
Այս բոլորին հիմամբ կարելի է անվարան հաստատել, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ կառուցողական դերակատարութիւն ստանձնելու կարողականութեան մասին Քերրիի ունեցած պատկերացումը մեծ հարցական մըն է:


