Երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան ունկնդրութիւն` մասնակցութեամբ երաժշտանոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, ներկայութեամբ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք խումբերու սենտիքայի ատենապետ Անթուան Ապու Ժաուտէի, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ ներկայացուց ունկնդրութիւններուն բեմական փորձառութիւն ձեռք ձգելու կարեւորութիւնն ու արժէքը: Ճենտերեճեան ըսաւ, որ ուսուցիչ-աշակերտ միասնաբար նուագելը կարեւոր է, ինչ որ կը նպաստէ, որ աշակերտները օգտուին դասատուներու գիտելիքներէն:
Ելոյթին մասնակցող ուսուցիչներն էին Անդրանիկ Գասպարեան, Շողեր Թորոսեան, Արմէն Ճենտերեճեան, Յասմիկ Գասպարեան, Կարինէ Կակոսեան, Լիւսի Չամսարեան եւ Աշոտ Ճենտերեճեան, իսկ աշակերտները` Կասիա Լեւոնեան, Կայէլ Գրիգորեան, Յակոբ Փամպուքեան, Ալեքս Սասունի, Շահան Հաւաթեան, Արենի Խաչատուրեան, Վերոնա Ռուսիալեան, Սերուժ Յովսէփեան, Նարէ Աշգարեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Նարեկ Նաճարեան, Հրակ Տեմիրճեան եւ Մարինէ Հալլաճեան:
Ունկնդրութեան մասնակիցները նուագեցին հայ թէ դասական երաժիշտներու` Տիգրանեանի, Պրամսի, Խաչատուրեանի, Մոցարդի, Պախի, Վիվալտիի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Աւանդութեան վերածուած «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին:


