Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ . ՀՈՒՐԻ ԿԷՕՏԵԼԵՔԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀՕՄ-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՂ

May 18, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հուրի Կէօտելեքեան

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներու համակարգումին համար պաշտօնի հրաւիրած է Հուրի Կէօտելեքեանը: Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր Նիւ Եորքի բնակիչ Կէօտելեքեան իր աշխատանքները պիտի տանի Մանհաթընէն` ՀՕՄ-ը ներկայացնելով ՄԱԿ-ի պաշտօնական ծրագիրներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ մասնակից դառնալով ՄԱԿ-ի Հանրային տեղեկատուութեան բաժանմունքի եւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ծիրին մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւններուն:

«ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յանձնախումբ մը նշանակած էր ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ միութեան աշխատանքները հետապնդելու համար, սակայն յանձնախումբին կողմէ մշակուած ռազմավարութիւնը կարիքը ունի ՄԱԿ-ի մէջ տեւական ներկայութեան: Այդ մէկը կարելի չէ իրագործել առանց անձնակազմի յատուկ անդամի, եւ այս իրականութեան անդրադարձած էր նաեւ ՀՕՄ-ի համահայկական 69-րդ Պատգամաւորական ժողովը», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոզի Պետրոսեանը:

Կէօտելեքեան պիտի հետապնդէ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ առաջնահերթութիւն նկատուած նպատակները: 2011 տարուան համար այդ առաջնահերթութիւնները կնոջական եւ յատկապէս մայրական առողջապահութեան կը վերաբերին, ինչպէս նաեւ կնոջ ֆինանսական անկախութեան: «Բախտաւոր ենք, որ Հուրին միացաւ մեր անձնակազմին: Առեւտրական, հանրային յարաբերական եւ քարոզչական մարզերուն մէջ անոր փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի մէջ մեր նպատակներու հետապնդման, որոնց շարքին միջազգային համայնքին հետ գործակցութիւններու հաստատումը, որպէսզի կարենանք հայրենիքի թէ սփիւռքեան համայնքներու ընկերային եւ տնտեսական կարիքները բաւարարող ազդու ծրագիրներ իրագործել», յայտնեց ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի յանձնախումբի ատենապետ Սթեֆանի Քիլեան:

«Ինծի համար հպարտութիւն է մաս կազմել աւելի քան դար մը եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայութեան ծառայած կազմակերպութեան մը անձնակազմին ու աշխատիլ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ անոր մարդասիրական նպատակներուն ծառայելու: Այս առիթով իմ երախտագիտութիւնս կը փափաքիմ յայտնել բոլոր այն կիներուն, ներառեալ իմ մեծ մօրս ու մօրս, որոնք հայ կնոջական միջազգային հնագոյն այս կազմակերպութեան ծառայելով` ճամբայ հարթեցին իմ դիմացս ծառայելու ՀՕՄ-ին», յայտնեց Հուրի Կէօտելեքեան:

ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի գրասենեակին հետ կարելի է կապ պահել հեռախօսելով (917) 965-5592 թիւին կամ գրելով [email protected] ելեկտրոնային հասցէին:

ՀՕՄ-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ տուրքէ զերծ բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որ 1989-էն ի վեր մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին` իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: 1910-ին հիմնուած ՀՕՄ-ը այսօր կը գործէ 27 երկիրներու մէջ` մարդասիրական ծառայութիւն տրամադրելով հայ թէ ոչ հայ հասարակութեան:

 

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹ

Յաջորդը

ԱՒԱՆԴԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.