Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան աւարտին, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Մովսիսեանի «Էս. Փի. Պի. Չես Ֆեր» խումբը հանդիսացաւ Ռուսիոյ ախոյեան` ընդամէնը ապահովելով 26 կէտ:
Իր կատարած վերջին մրցումին, Մովսիսեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը:


