Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հոլանտա եւ Գերմանիա:
Հոլանտա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:


