Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Քաջալերել Լիբանանահայ Շնորհալի Աշակերտները

April 12, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսի քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, չորրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական եւ կրթական հարցերու գրասենեակը կազմակերպեց «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 միջնակարգ եւ 10 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ: Այս տարի, 115 աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացուցին իրենց դպրոցները` նոր խանդավառութիւն եւ ազնիւ մրցակցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ պարգեւելով հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցումներուն, որոնք սկսան շաբաթ, 2 մարտ 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ եւ աւարտեցան կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցած ասմունքի եզրափակիչ հանդիպումով:

Արդէն աւանդութեան կարգ անցած այս մրցանքը յաւելեալ լրջութեամբ եւ ա՛լ աւելի համապարփակ տարողութեամբ ամրապնդելու տեսլականէն առաջնորդուած` երկրորդական բաժինի հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցումը այս տարի տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով. առաջին հանդիպումին մրցակից աշակերտ-աշակերտուհիները պատասխանեցին գրական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական բազմաճիւղ հարցարանին, իսկ երկրորդ առիթով փորձեցին լայագոյնս արտայայտել իրենց շարադրական ու գրական շնորհները: Միջնակարգ բաժինի հայ լեզուի մրցանքի հարցարանը, համաձայն նախապէս աշակերտներուն տրամադրուած ուղեցոյցին, այս տարի նաեւ կ՛ընդգրկէր ուղղագրական, բառագիտական, քերականական եւ շարադրական չորս ստորաբաժանումներ: Ինչ կը վերաբերի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու զոյգ մրցանքներուն, յար եւ նման նախորդ տարիներուն` մասնակիցները մրցումին ներկայացան ամիսներ առաջ իրենց տրամադրուած 40 հարցում-պատասխաններու թղթածրարը լաւապէս սերտելէ ետք:

Գրաւոր մրցումներուն զուգահեռ` երկրորդ անգամ ըլլալով, այս տարի նաեւ տեղի ունեցաւ ասմունքի մրցանքը, որ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն: Առաւելագոյն թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներ` 40 երկսեռ մասնակից, երեք իրերայաջորդ հանդիպումներով մրցեցան իրարու դէմ` դատակազմին, ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն դիմաց արտասանելով նախ պարտադիր, ապա` ազատ եւ պարտադիր, իսկ եզրափակիչ վերջին փուլին` միայն ազատ բանաստեղծութիւններ:

«Խաչիկ Պապիկեան»-ի անուան նուիրուած վերոնշեալ աշակերտական մրցումները եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ հակառակ նոր ժամանակներու հրապուրիչ նորութիւններուն, համակարգիչի արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացումներուն եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած հայ լեզուի նահանջին ու մեր Մեծասքանչին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, լիբանանահայ աշակերտները կը փորձեն կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն եւ անփոխարինելի գանձ մեր մայրենիին` իբրեւ հարազատ ու գիտակից ժառանգորդները Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնադրած հայակերտ աւանդին:

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի «Մաթոսեան» Ցուցասրահին Մէջ. Միրէյ Կոկիկեանի Գեղանկարներու 12-րդ Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի Ժողով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.