Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան տիրացաւ Պրազիլի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 6 կէտ:
Ֆլորիանոփոլիսի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցան 22 ճատրակ խաղացողներ: