Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Վկայագրութիւն Հրաւէր Եղեռնի Զոհերու Եւ Վերապրողներու Ժառանգորդներուն

April 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Եորք, մարտ 2013, Libra-6 Productions, Inc. կազմակերպութիւնը այսու կը յայտարարէ ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ծրագիրը, որ կը միտի ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէն ազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները` գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ:

Libra-6 Productions, Inc. Նիւ Եորք նահանգի մէջ արձանագրուած, ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ` թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով: Կազմակերպութեան նորընտիր նախագահը` տոքթ. Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Ամէն հայ Եղեռնի պատմութիւն մը ունի: Ամէն հայ նահատակ մը ունի իր հոգիին մէջ: Այս ծրագիրը կը ձգտի մեր նահատակներուն  արդար դատը ներկայացնել համայն մարդկութեան: Ցարդ հրատարակուած յուշագրութիւններուն եւ բանաւոր ձայնագրութիւններուն կողքին, «Վկայագրութիւններ»-ը յաւելեալ նոր, դեռ չգրուած եւ չարձագանգուած վաւերական պատումներ պիտի պարունակէ: Կարելի պիտի չըլլայ  Եղեռնի զոհերուն ամբողջական պատմութիւնները արձանագրել: Սակայն մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, փրկել այն, ինչ որ կարելի է եւ այդ ահաւոր դէպքերը կեանքի կոչել` որպէս փաստերու յաւելեալ շերտ մը  Եղեռնի 100-ամեակի նախօրեակին, ուղղուած` անհատներու, պետական կառոյցներու եւ համաշխարհային մարմիններու»:

Խմբագրական կազմի արհեստավարժ անդամներն են` Այրիս Չեքենեան, Այրիս Փափազեան, Րաֆֆի Սեթեան եւ Թամ Վարդապետեան, որոնք պիտի վերանային գրութիւնները հրատարակութեան պատրաստելու համար:

Այսօր քսանմէկ երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու քառասուն նահանգներ եւ համաշխարհային ատեաններ պաշտօնապէս Եղեռնը ընդունած են որպէս Ցեղասպանութիւն: Սակայն երկիրներ կան, որոնք «Թուրքիան չվրդովեցնելու» քաղաքականութիւն կը վարեն եւ կը խուսափին ցեղասպանութիւն որակելու Եղեռնը: Թուրքիոյ պետութիւնը ամբողջովին կ’ուրանայ Եղեռնը: Այս ուրացման հակադիր շարժում մը սկսած է թուրք մտաւորականներու կողմէ, որոնք կը յորդորեն իրենց կառավարութիւնը` իրականութիւնը ընդունելու:

Կը սպասենք ձեր գրութիւններուն: Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.

1.- Գրութիւնները պէտք է անձնական վաւերական պատումներ ըլլան:

2.- Նշել զոհերուն, վերապրողներուն անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը:

3.- Գրութիւնները 1-15 էջ, անգլերէն կամ հայերէն կրնան ըլլալ. թարգմանութիւնը անվճար է:

4.-  Քաջալերելի է ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ ղրկել:

5.- Վաւերականութեան համար գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց համառօտ կենսագրական կէտերը, անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ե-հասցէն:

6.- Գրութիւն մը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը վերապահուած է Libra-6ին:

7.- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի:

8.- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն:

9.- Հրատարակուած գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի ամէն մէկ գրութեան հեղինակին:

10.- Ա. հատորը, 500 էջ, կը հրատարակուի ստացուած նիւթերուն առաջնահերթ կարգով:

11.- Գրութիւնները կարելի է յղել` e-mail: [email protected]

Նախորդը

Գեղարուեստական – Քնարական Երեկոյ. Համազգայինի Հայաստանի Թատերախումբին Երգի Ու Ասմունքի Վարպետները

Յաջորդը

Հրաշքներ Կը Պատահի՞ն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.