Ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Կերի Գասպարով նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մղուող զտումի մրցաշարքը եկաւ ցոյց տալու, որ խօսակցութիւնները` դասական ճատրակի մահուան մասին, քիչ մը չափազանցուած են:
«Այո՛, մրցաշարքը թէեւ հիանալի էր, բայց վստահ չեմ, եթէ լաւագոյնն էր պատմութեան մէջ: Անցեալին բաւական լաւ մրցաշարքեր եղած են: 2013-ի Լոնտոնին հետ ես կրնամ համեմատել 1959-ի մրցաշարքը: Այդ ժամանակ աութսայտըրները շատ էին, մինչ հիմա Լոնտոնի մէջ աւելորդ էր միայն Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը` Թէյմուր Ռաճապով», Գասպարովի խօսքերը կը մէջբերէ crestbook.com-ը:
Գասպարով նշեց նաեւ, որ այս մրցաշարքը եկաւ ի յայտ բերելու առաջին դիրքը գրաւած նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի ունեցած թերութիւնները, մանաւանդ վճռական ճակատումներուն ընթացքին:
«Պէտք է ընդունիլ, որ Վիշվանաթան Անանտ աւելի փորձառու անձ մըն է եւ կրնայ շատ զօրաւոր ներկայացումներ կատարել: Բայց եւ այնպէս, եթէ Քարլսըն աշխատանք տանի եւ սրբագրէ իր սխալները, անպայման կը յաղթէ` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան ներկայիս հնդիկ Անանտէն աւելի լաւ կը խաղայ», ըսաւ Գասպարով:
Անդրադառնալով հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանին` Գասպարով յայտնեց. «Ինծի համար Արոնեան պատրաստ չէր եւ տիտղոսին համար պայքարի մթնոլորտին մէջ չէր: Կը կարծեմ, որ ան 7-րդ հանգրուանին ստացաւ անակնկալ հարուած մը, երբ չկրցաւ յաղթել Ալեքսանտր Կրիսչուքին, հակառակ անոր որ կը գտնուէր բաւական լաւ դիրքի մը վրայ: Յամենայն դէպս, մրցաշարքը, որ այժմ աւարտած է, եկաւ ցոյց տալու, թէ ով` ով է»:


