Երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, Երեւանի Միքա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Միքա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շիրակէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Տամէ Տիուպ (75-րդ):
Կիսաւարտականի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 16-17 ապրիլին:


