Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ 1-2 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն աւելի քան 70 ուժեղագոյն մարզիկներ:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ախոյեանութեան ընթացքին բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած են յատկապէս Արցախի, Աբովեանի, Վանաձորի եւ Եղուարդի Սամպոյի ու Ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի եւ մասնաճիւղերու մարզիկները:
Վերջիններս տիրացած են ընդհանուր 36 մետալներու կէսին:
Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
Ախոյեանութեան բոլոր յաղթողներն ու մրցանակակիրները տիրացած են համապատասխան կարգի մետալներու, պատուոյ գիրերու, դրամական պարգեւներու, իսկ ախոյեանները` նաեւ անհատական նուէրներու:
Ախոյեան հանդիսացած են հետեւեալ մարզիկները. Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), Էռնեսթ Հայրապետեան (57 քկ), Արեն Անտոնեան (62 քկ), Անդրանիկ Նաղդալեան (68 քկ), Վաչիկ Վարդանեան (74 քկ), Մաւրիկ Նասիբեան (82 քկ), Աշոտ Դանիէլեան (90 քկ), Դաւիթ Գրիգորեան (100 քկ) եւ Արտաշէս Մկրտչեան (100 քկ եւ վեր):


