Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Երաժշտութի՛ւն Յօրինեցէք, Պատերազմ Մի՛ Մղէք

March 29, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԶԷՆՔԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔԻ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՅՍ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Ատրճանակը սրինգի վերածելը կը նմանի տեսակ մը հիփփիական երազի, որ լայն տաբատներու նորաձեւութեան հետ մոռցուած է: Սակայն այժմ խումբ մը բրիտանացի երաժիշտներ ճիշդ այս երազը կ՛ապրին` պատերազմի թատրոնը փոխադրելով նուագախումբի փոս:

Յետպատերազմեան նուագախումբը կամ` «Տը Փոսթ ուոր օրքեսթրա»-ն ձեռնարկած է դրամահաւաքի արշաւի մը` հետզհետէ աւելի մեծ թիւով զէնքեր երաժշտական գործիքի վերածելու համար: Անիկա արդէն 6 սրինգ շինել տուած է` օգտագործելով Լի Էնֆիլտ վաճառանիշով հրազէններ եւ Բ. Աշխարհամարտի սաղաւարտ մը վերածած է քնարի: Այժմ նուագախումբը կը ձգտի գոյացնել 27 հազար փաունտ` ստեղծելու համար երաժշտական տարբեր ոճերու յարմար երաժշտական շարք մը գործիքներ:

Սպանդի գործիքները գեղեցիկ երաժշտութիւն արտաբերելու կարողութեամբ օժտուած գործիքներու վերածելու խորհրդանշական իմաստը բաւական յստակ է: Սակայն նուագախումբը կը հաւատայ, թէ անիկա կրնայ փոխանցել նաեւ հզօր պատգամ մը, հետեւաբար վճռած է մատուցել կարելի չափով մշակուած եւ այլազան երաժշտութիւն:

Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած այս նուագախումբը անցեալ ուրբաթ դրամահաւաքի իր արշաւին ձեռնարկեց` օգտագործելով բազմութիւններ փնտռող եւ անոնց հասնող Kickstarter.com. կայքը: Ժամկէտ ճշդուած է 20 ապրիլը: Եթէ բաւարար գումարներ չգոյանան մինչեւ այս թուականը, նուագախումբը ոչ մէկ գումար կը ստանայ:

Յետպատերազմեան նուագախումբը ստեղծած է Հիլըրի Չեմփիըն, որ զէնքերը երաժշտութեան հետ միաձուլելու գաղափարը յղացած է դիտելէ ետք Քաթրինա մրրիկին մասին պատկերասփռուած յայտագիր մը: «2005-ին արդէն սկսած էի նկատել, թէ օրաթերթերու մէջ եւ պատկերասփիւռի պաստառին վրայ պատերազմի տեղեկագրութիւնները շատ ճնշիչ էին: Ապա օր մը տեսայ երիտասարդ մը, որ Քաթրինա մրրիկէն ետք կը հաւաքէր իր տան մնացորդները: Ան առաւ աւել մը, գլխիվայր շրջեց զայն եւ սկսաւ նուագել կիթառի պէս: Վերջը սկսաւ խնդալ: Մտածեցի պատերազմի տեղեկագիրներուն մասին եւ մարդիկը իրարու քով բերելու երաժշտութեան կարողութեան,- կ՛ըսէ ան:- Թերեւս օր մը երկու հրասայլեր կրնանք զետեղել հովերուն դիմաց կանգնած լերան մը լանջին եւ զանոնք իրարու կապել այնպէս, որ երբ հովը փչէ, անոնք սկսին նուագել հին յունական գեղեցիկ տաւիղի մը պէս` քնքուշ եւ ամոքիչ ձայներ սփռելով դէպի վարի հովիտը»:

Յետպատերազմեան նուագախումբին գործիքներու շարքին է պազուքաֆոնը, որ շինուած է նռնակ արձակելու յատուկ գործիքէ մը եւ ունի հովին հակակշիռով գործող համակարգչային սարք մը: Նուագախումբը նաեւ հրթիռ արձակող կազմած մը վերածած է երաժշտական ելեկտրոնային գործիքի մը եւ կը յուսայ նմանօրինակ բանի մը վերածել Մաքսիմ արագահարուած զէնքը: Զարմանալի չէ, որ ամէնէն դիւրին պատշաճեցումները կատարուած են հարուածային գործիքներու բաժնին մէջ: Անոնք կ՛ընդգրկեն զինամթերքի սնտուկներ եւ արձակուած ռումբերու դատարկ պատեաններ:

Նուագախումբը 2009-ին իր հիմնադրութենէն ի վեր աստիճանաբար ուռճացած է: Անիկա կը վայելէ զօրակցութիւնը ականաւոր երաժիշտներու, ինչպէս` Պրուս Վուլի, որ հեղինակներէն մէկն է «Վիտէօ քիլտ տը ռետիօ սթար» երգին: Վուլիի միջնորդութեամբ, ելեկտրոնային երաժշտութեան ռահվիրայ Թոմըս Տոլպի գործակցած է նուագախումբին հետ եւ յօրինած է անոր մօտալուտ առաջին ձայնագրութեան մէկ երաժշտութիւնը: Նուագախումբը կը յուսայ ներգրաւել նաեւ այլ անուններ, ինչպէս` Եոքօ Օնօ, որոնց նիւթերը եւ գեղարուեստական ոճերը կը համապատասխանեն Յետպատերազմեան նուագախումբին ոգիին:

«Առաջին անգամ, երբ նուագեցինք, փորձեր չէինք կատարած եւ նման գործիքներով նուագելու ոչ մէկ փորձառութիւն ունէինք: Այժմ կը յուսանք կատարել հանրութեան մատչելի շարք մը կտորներ եւ անցում մը կատարել դէպի յառաջապահական նոր գործիքներու ժամանակները. գործիքներ, որոնք պիտի կարենան նուագել տրամաբանական կառոյցով գործեր եւ արտացոլել ներդաշնակութեան մակարդակներ», կ՛ըսէ Վուլի, որուն համաձայն, նուագախումբը պիտի ունենայ 12 անդամներ, ներառեալ` յօրինող-երաժիշտ Թիմ Ուիթըր եւ երգիչ, երգերու հեղինակ Ռուպի Ֆեն:

Եթէ նուագախումբը յաջողի հաւաքել իրեն անհրաժեշտ գումարը, կը յուսայ իր նորագոյն փոխակերպուած գործիքներով յուլիսին մասնակցիլ Կլասթընպերի վանքին կազմակերպած «Նուագախումբեր` դաշտին մէջ» ձեռնարկին: Վուլի կ՛ըսէ, թէ նուագախումբը պիտի յօրինէ իր սեփական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նուագէ այլ երաժիշտներու ցարդ միայն մէկ անգամ կատարուած գործերը: Երբ Վուլիի հարց տրուած է, թէ արդեօք նուագախումբը պիտի նուագէ՞ Սթէյթըս Քոյի «Ին տի արմի նաու»-ը, ան կտրուկ պատասխանած է` «ո՛չ»:

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. «Դուն Չես Գիտեր, Թէ Գեղեցիկ Ես»…

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մոնա Լիզա` Դէպի Լուսին

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.