Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Հայ Արուեստագէտի Մը «Առասպելը»

March 22, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Փինաճեանի տան այժմու սեփականատէրը` Թոմըս Շուլց կարգ մը պաստառներու հետ, զորս կարելի չէ եղած վերանորոգել եւ ցուցադրել:

ԵՐԿՈՒ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐ 2007-ԻՆ ԼՈՆԿ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ ԿԸ ԳՆԵՆ ՏՆԱԿ ՄԸ, ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԶԱՅՆ ՆՈՐՈԳԵԼ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՂ ԳԻՆՈՎ ՎԱՃԱՌԵԼ: ՍԱԿԱՅՆ ՀՈՆ ԿԸ ԳՏՆԵՆ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԱՐԹԸՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆԻ, ՈՐ ՄԱՀԱՑԱԾ ԷՐ 1999-ԻՆ` 85 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ: ԱՆՈՐ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆ ԱՂԲԱՆՈՑ ԹԱՓԵԼ ԽԱՌՆԱԿՈՅՏԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐԸ 2500 ՏՈԼԱՐ ԱՒԵԼԻ ՎՃԱՐԵԼՈՎ` ԿԸ ԳՆԵՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ, ՈՐ ԱՅԺՄ Կ՛ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ 30 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: ԱՅՍՕՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ ԻՐԵՆՑ ԱՐԺԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ` ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵԼՈՎ ԵՒ ՎԱՃԱՌՈՒԵԼՈՎ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ԿԱՍԿԱԾ ՉԿԱՅ, ԹԷ ԱՆՈՆՑ ԳԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱԳԼՑԻՆ ՍՐԸՆԹԱՑ ԹԱՓՈՎ, ՄԻՆՉ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ՀՌՉԱԿԸ ՊԻՏԻ ՏԱՐԱԾՈՒԻ: ՅԱՅՏՆԱԲԱՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆ ԱՅՆ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ Է, ՈՐՈՆՔ ԱՊՐԱԾ ԵՆ ԺՈՒԺԿԱԼ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ՎԱՃԱՌԱԾ ԵՆ ՄԻԱՅՆ ՆԵՐԿ ԵՒ ՊԱՍՏԱՌ ԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԶՐԿՈՒԱԾ` ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔԷՆ ԵՒ` ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԻՐԵՆՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ: ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԵՒ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱՆ ԳՈՅՆԻ, ՁԵՒԻ ԵՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՎՐԱՅ:  ՍՏՈՐԵՒ` «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ», «ՍԻ. ՊԻ. ԷՍ.», «ԱՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ», «ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ», «ԱՐՄԻՆԸՆ ՈՒԻՔԼԻ», «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԹԵՐԹԵՐԷՆ ՀԱՄԱԴՐԱԲԱՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐ ԽԼԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ, ՈՐ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է ԻԲՐԵՒ «ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՎԵՐԱՑԱՊԱՇՏ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ», ԹԷԵՒ ԱՅՍ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՉԷ ՎԱՅԵԼԱԾ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ:

Տարիներ շարունակ անոնք մոռացութեան մատնուած են Լոնկ Այլընտի մէկ կառատան մէջ. հին պաստառներ` իրարու վրայ դիզուած: Ապա քիչ կը մնար, որ անոնք թափուէին աղբ հաւաքող բեռնակառքի մը մէջ:

Իսկ անցեալ ամիս անոնք ունեցան բոլորովին տարբեր բնակավայր մը, երբ ցուցադրուեցան Մետիսըն Էվընիուի վրայ գտնուող Անթիքորիում ցուցասրահին սպիտակ պատերուն վրայ` առաստաղէն կախ լուսարձակներու տակ:

Գեղանկարները գործն էին Արթըր Փինաճեանի. մենակեաց արուեստագէտ մը, որուն մասին շատ բան չէր գիտեր արուեստի աշխարհը: Այժմ իր մահէն 14 տարի ետք ան ունի երկրպագուներ, որոնք իր անունը կը նշեն, երբ կը խօսին Կոկենի եւ Սեզանի մասին: Արուեստի պատմաբան Ուիլիըմ Ինըս Հոմըր կը գրէ, թէ` «Փինաճեան օժտուած էր ստեղծագործական այնպիսի հզօր ուժով, որ կարելի չէ հաշուի չառնել»:

Այս նոր հետաքրքրութիւնը իրեն հետ կը բերէ նաեւ այն հաւանականութիւնը, թէ Փինաճեան իր կեանքին ընթացքին երբեք չէ վայելած իր գեղանկարներուն վաճառքով դրամ շահելու հաճոյքը: Ցուցասրահին մէջ կախուած 34 գործերուն շարքին են երկու գեղանկարներ, զորս ան գծած է 1960-ին. թիւ 638 գեղանկարը, որ շուկայի վրայ ծախու դրուած է 87 հազար տոլարի եւ թիւ 3868 գեղանկարը, որ ծախու դրուած է 72 հազար տոլարի:

Իւղանկար մը` 1960-ական տարիներէն:

Ցուցասրահին մէջ Փինաճեանի ամէնէն աժան գործը` թիւ 4013-ը, զոր ան գծած է 1987-ին, իրագործուած է աքրիլիքով եւ ծախու դրուած է 3750 տոլարի (հաւանաբար գեղանկարին չափը իր դերը ունեցած է այս գինին սահմանումին մէջ: Մինչ վերոնշեալ իւղանկարները շուրջ մէկ մեթր բարձրութիւն ունին, անդին` աքրիլիքը ունի միայն 28 սմ բարձրութիւն): «Փինաճեան. մասթըր աֆ ապսթրաքշըն տիսքաւըրտ (Փինաճեան. վերացապաշտութեան վարպետը յայտնաբերուած) վերնագիրով մենագրութեան մը մէջ,Հոմըր 2010-ին գրած է, թէ Փինաճեանի արուեստը զարմանք կը պատճառէ, եւ թէ` երկուութիւն մը գոյութիւն ունի անոր անհատականութեան մէջ»: Ան կը գրէ, թէ Փինաճեան «մէկ կողմէ կը զարգացնէր բնութեան նկատմամբ քնարերգական եւ վիպերգական դիտանկիւն մը, միւս կողմէ` կ՛արտացոլէր իր արական երազներուն մութ պատկերը»:

Այն 34 գեղանկարները, որոնք մարտի սկիզբը ցուցադրուեցան Անթիքորիում ցուցասրահին մէջ, կը պատկանէին արուեստագէտին քնարերգական ստեղծագործութիւններուն: Անոնց մաս չէին կազմեր ցանկայարոյց գեղանկարները: Արուեստի պատմաբան եւ արուեստի գործերու արժէքը ճշդող մասնագէտ Փիթըր Հէյսթինկզ Ֆոք, որ կազմակերպած էր ցուցահանդէսը, կ՛ըսէ, թէ ցուցադրուած գործերը գծուած են Նիւ Եորքի եւ Լոնկ Այլընտի մէջ, ուր Փինաճեան գծած է «ճիշդ այն նպատակայարմար դիտնակիւններէն», զորս օգտագործած է ամերիկացի իրապաշտ գեղանկարիչ Ուիլիըմ Կլաքընզ` Պելփորթ գիւղաւանին մէջ:

«Տաղանդի Կայծեր»

Ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէր ստեղծագործական թաքուն ներաշխարհը գեղանկարիչի մը, որ կը համեմատուի Արշիլ Կորքիի հետ: Անոր գոյներու բանաստեղծական համադրումները կ՛առնչուին Կորքիի գոյներու աշխարհին հետ: Թէեւ Փինաճեանի  բոլոր գործերը նոյն որակի չեն, սակայն ան կը նկատուի «կառուցային գոյնի վարպետը»:

Արթըր Փինաճեան ունէր 2.5 մ երկայնքով եւ 2.5 մ լայնքով արուեստանոց մը` տնակի մը մէջ, որ կը պատկանէր իր կեանքին գրեթէ ամբողջ ընթացքին իրեն նեցուկ կանգնած քրոջ:

Լոնկ Այլընտի մէջ Փինաճեան ունէր 2.5 մ երկայնքով եւ 2.5 մ լայնքով արուեստանոց մը, տնակի մը մէջ, որ կը պատկանէր իր կեանքին գրեթէ ամբողջ ընթացքին իրեն նեցուկ կանգնած քրոջ: Փինաճեան միշտ նիւթական նեղ կացութեան մէջ ապրած է եւ ապաւինած է իր քրոջ օգնութեան: Քոյրը քարտուղարուհի էր: Անոնք միասին ապրած են իրենց կեանքին մեծ մասը: Փինաճեաններուն մէկ զարմիկը` Փիթըր Նաճարեան, որ օգնած է տնակին պարպումին, Հոմըրի մենագրութեան մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս չէ հնազանդած գեղանկարիչին մահէն ետք անոր քրոջ հրահանգներուն:

«Օ, այս բոլորը աղբը թափէ,- ըսած էր ան:- Արթըր ի՛նք ըսած էր, պարզապէս բոլորը աղբահաւաքին տուր»:

Նաճարեան ինքզինքին չէր թոյլատրած նման արարք մը, թէեւ ստիպուած էր թափել յայտնաբերուած գործերուն «գրեթէ կէսը», որովհետեւ անոնք այնքա՛ն մգլոտած էին, որ կարելի չէր զանոնք փրկել»: Այսուհանդերձ, հազարաւոր գեղանկարներ կարելի եղած էր հաւաքել:

Հոմըր գեղանկարներու այս գանձին մասին լսած էր Պելփորթի մէջ բնակող իր մէկ հարազատէն, որ բարեկամ էր 2006-ին Փինաճեանի մահէն ետք անոր տնակը գնած շահարկողներուն: «Պէտք է ընդունիմ, թէ շատ չէի տպաւորուած», կը գրէ Հոմըր: Սակայն, երբ ան իր կնոջ հետ սկսած է քննել այն բոլոր գործերը, զորս արուեստագէտը ձգած էր իր ետին, սկսած է «աւելի խանդավառուիլ», ինչպէս կը գրէ ան:

Շուտով Հոմըր հեռաձայնած է Ֆոքի, որ նախապէս արժեւորած է նաեւ ամերիկացի վերացապաշտ գեղանկարիչ Էնտի Ուորհոլի բնակարանէն ի յայտ եկած հաւաքածոն: Ան իր կարգին վերապահութիւն ցուցաբերած է սկիզբը: «Նկատեցի որոշ տաղանդի կայծեր,- կ՛ըսէ ան:- Հարցը այն էր, թէ արդեօք բաւարար կայծեր կայի՞ն արդարացնելու համար այն ժամանակը, որ պիտի տրամադրուէր: Մեր կատարածը նոյնիսկ վերայայտնաբերում չէր: Խնդրոյ առարկայ էր արուեստագէտ մը, որ ժամանակին լաւ ճանչցուած էր, սակայն մոռացութեան մատնուած էր իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ: Այժմ մեր դիմաց ունէինք արուեստագէտ մը, որ բոլորովին անծանօթ էր»:

Յայտնաբար Փինաճեան գծանկարային պատմութիւններու գիրքեր պատկերազարդած էր 1930-ական տարիներուն եւ ստեղծած էր «կնոջական հանդերձանքով տղամարդու առաջին հերոսը»` գծանկարային պատմութիւններու շարքի մը մէջ, որ կը կոչուէր «Մատամ Ֆաթալ»: Ան պրոնզէ աստղ մը ստացած էր Բ. Աշխարհամարտին ցուցաբերած իր քաջութեան համար: Ապա մաս կազմելէ ետք պատերազմի վեթերաններու Արուեստի ուսանողներու դաշնակցութեան, սկսած էր գծել Վուտսթոքի մէջ:

Մենակեացը

Արուեստի պատմաբան Փիթըր Հէյսթինկզ Ֆոք կ՛իրականացնէ Արթըր Փինաճեանի արուեստի գործերուն ցուցահանդէսը` Մանհաթընի Անթիքորիում ցուցասրահին մէջ:

Ֆոք, որ նաեւ հեղինակն է «Հու ուազ հու ին ամերիքըն արթ» գիրքին, կ՛ըսէ, թէ Փինաճեան ներկայ էր Վուտսթոքի մէջ, երբ բազմաթիւ արուեստագէտներ կը յուսային, որ 1960-ական տարիներու հակամշակոյթ ուղղութեան ոգին խտացնող Վուտսթոքի երաժշտական մեծ փառատօնին ներգրաւած բազմութիւնները նաեւ այցելէին տեղւոյն պատկերասրահները: «Ան ծրագրած էր ցանկայարոյց արուեստի անակնկալ ցուցահանդէս մը,- կ՛ըսէ Ֆոք,- սակայն ցուցահանդէսը երբեք տեղի չունեցաւ, որովհետեւ փառատօնը տեղի ունեցաւ այլ վայրի մը մէջ»:

Փինաճեան մնաց անծանօթ, սակայն` ոչ բոլորովին: Որոշ ժամանակ մը ան կապ պահեց իր մէկ զարմիկին հետ, որ կը դասաւանդէր Ամերիկացի վերացապաշտ գեղանկարիչներու միութեան հիմնադիր Ճորճ ՄքՆիլի հիմնարկին մէջ: Փինաճեան անոր միջոցով մաս կազմեց իրեն սերնդակից հանրածանօթ արուեստագէտներու շրջանակին` ծանօթանալով Ֆրանց Քլինի, Ֆիլիփ Կասթընի եւ Ճէյքըպ Լորընսի, յաճախեց անոնց նախասիրած գինետուները` Պրուքլինի ՏըՔալպ պողոտային վրայ եւ Կրինիճ Վիլըճի մէջ:

«Ան արուեստագէտ մըն է, որ կը նախընտրէ առիթ տալ իր պատմութեան բնական փոխանցումին,- կ՛ըսէ Ֆոք:- Ամէն ինչ կը հասկնաս գծանկարային պատմութիւններու գիրքերու մասին եւ` Նիւ Եորքի վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ արուեստագէտներուն: Գիտենք, թէ նախքան ճգնաւորի կեանք ապրիլը ան ծանօթ էր այս բոլոր արուեստագէտներուն»:

Արուեստի գործերուն յայտնաբերումէն ետք Փինաճեանի մէկ այլ զարմիկը` Ճոն Արամեան Փինաճեան քոյր-եղբօր մասին ըսած է. «Կը կարծէր, թէ յաջորդ Փիքասոն պիտի դառնար: Կը հաւատային, թէ օր մը հռչակաւոր պիտի դառնար եւ այս բոլորը օր մը շահ պիտի ապահովէին իրենց, բայց այս ակնկալութիւնը չիրականացաւ»:

«Հետեւաբար ան ապրած է անձկալից վիճակ մը, քաշուած է կեանքէն եւ միայն գծած է»:

Հոմըր, որ մահացաւ անցեալ տարի, Փինաճեանը բաղդատած է «առանձին ուսումնասիրողի մը, գիտաշխատանոցի մը մէջ, ուր ան գիտութիւն կը փնտռէ գիտութեան սիրոյն»:

«Ան իր նպատակները հետապնդած է առանձնութեան մէջ, Կոկենի եւ Սեզանի նման մէկ ուղղութեամբ կեդրոնացած ճիգով` մերժելով յաձնուիլ հանրութեան անտարբերութեան», գրած է արուեստի պատմաբանը:

«Ան կրքոտ էր, աներկբայօրէն նուիրուած: Փինաճեանի գործերը ամէն բանէ աւելի կ՛արտացոլեն թերի, բայց փայլուն հանճարի մը հոգին: Երբ ան կը հասնի իր գագաթնակէտին, մանաւանդ` իր վերացապաշտ գործերուն մէջ, կարելի է զայն դասել իր ժամանակաշրջանի լաւագոյն արուեստագէտներուն շարքին»:

Փինաճեանի արուեստը կ՛արտացոլէ զգացական պայքարը` կերպարուեստի եւ վերացապաշտ արուեստի միջեւ: Անոր ներկայացուցչական արուեստի գործերը կ՛ընդգրկեն բնանկարներ եւ մերկուհիներ: Արուեստի քննադատ Ճոն Փերօ կը գրէ, թէ նոթատետրերու եւ թուղթի կտորներու վրայ Փինաճեանի արձանագրած գրութիւններուն ճամբով կը ծանօթանանք լարուածութեամբ եւ բախումներով յատկանշուած անոր ներաշխարհին: «Փինաճեանի համար դիւրին պատասխաններ գոյութիւն չունէին: Իւրաքանչիւր գեղանկար հանելուկ մըն էր, պայքար մը` լոյս արտացոլելու ճիգով»:

«Փինաճեանի պատմութիւնը կրնայ դառնալ նոր առասպելի մը` թաքուն արուեստագէտի առասպելի հիմը,- կը շարունակէ Փերօ: -Թաքուն արուեստագէտը կ՛ապրի մեր մէջ: Ան երեւութապէս սովորական կը թուի եւ ցոյց չի տար ներքին կոչումի որեւէ նշան: Այսուհանդերձ, ան կը տքնի ծածուկ` մտքի յափշտակութեամբ արտադրելով իրերայաջորդ գեղանկարներ: Դիտելով Փինաճեանի կեանքի գործերը` մենք մաս կը կազմենք այդ յափշտակութեան»:

Փրկութիւնը

Պելփորթի բնակիչ Թոմըս Շուլց եւ անոր գրագէտ եւ առեւտրական մէկ բարեկամը` Լերի Ժոզեֆ, յաւելեալ 2500 տոլար վճարած են հաւաքածոյին համար, երբ 300 հազար տոլարի գնած են Փինաճեաններուն խարխլած տնակը` յուսալով, որ կը վերանորոգեն զայն եւ կը վաճառեն 400 հազար տոլարի:

Ամերիկահայ վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ գեղանկարիչ Արթըր Փինաճանի հաւաքածոն:

«Ի՞նչ կ՛ընես, երբ դիմացդ ունիս արուեստի 7 հազար գործեր: Գումակային առումով, շատ բարդ է զանոնք մթերելը: Անոնք ծանր կը կշռեն, մեծ ուժ կը պահանջէ զանոնք տեղափոխելը, իսկ անոր հարազատները տրամադիր չէին այս աշխատանքը կատարելու,- կ՛ըսէ Շուլց:- Կալուածին սեփականատէրը մեզի խորհուրդ տուած էր պարզապէս տան պարունակութիւնը թափելու մօտակայ աղբանոցին մէջ»:

Սակայն արագ ակնարկ մը նետելէ ետք Շուլց անդրադարձած էր, թէ իրարու վրայ դիզուած նկարները մէկ արուեստագէտի գործերն էին:

Այնուհետեւ Շուլց եւ Ժոզեֆ ձեռնարկած են գեղանկարները վերանորոգելու աշխատանքին, շրջանակի մէջ առած են զանոնք եւ դիմած են մասնագէտներու` արժեւորելու համար իրենց գնած գործերը:

«Պաստառներուն մեծ մասը կը կրէր Փինաճեանի ստորագրութիւնը,- կ՛ըսէ Շուլց, որ անմիջապէս որոշած է չթափել հաւաքածոն:- Չէի ուզեր դառնալ այն անձը, որ մարդու մը կեանքին արգասիքը աղբանոց թափած էր: Մէկու մը կեանքին գործը աւելիին արժանի էր»:

Փինաճեանի լաւագոյն գեղանկարներէն ընտրուած 50 գործեր այժմ կը ցուցադրուին պատկերասրահի մը մէջ, որ բացած է Շուլց, ինչպէս նաեւ` Մանհաթընի Ֆուլըր Պիլտինկ երկնաքերի ցուցասրահին մէջ: Կարգ մը գործեր արդէն ծախուած են մինչեւ 500 հազար տոլարի:

Շուլց կ՛ըսէ, թէ Փինաճեանի երազն էր իր գործերը տեսնել Ֆուլըր շէնքին մէջ:

«Արուեստագէտը 1950-ական տարիներուն այցելած էր այս շէնքը` տեսնելու համար Ուիլիըմ տը Քունինկի գործերը,- կ՛ըսէ ան:- Հոն խօսած է այն մասին, թէ ինչո՛ւ իր գործերը աւելի լաւ կը նկատէր տը Քունինկի գործերէն»:

Յայտնաբերուած հաւաքածոյին մաս կը կազմեն վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ գեղանկարներ, բնանկարներ, Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած զինուորներու ճեպանկարներ, 1930-ական տարիներու գծանկարային պատմութիւններու պատկերազարդումներ եւ 1960-ի Վուտսթաքի փառատօնին մասնակցած արուեստագէտներու հաւաքավայրեր. ընդհանուր հաշուով` աւելի քան 3000 գեղանկարներ, գծանկարներ եւ պատկերազարդումներ:

Յետմահու այս հետաքրքրութիւնը արտասովոր է գեղանկարիչի մը նկատմամբ, «որ չի համապատասխաներ մերօրեայ ընդունուած չափանիշներուն», ինչպէս ըսած է Ֆոք` «Արմինիըն Ուիքլի» թերթին: «Փինաճեան կը գծէր ամէն օր, սակայն ոչ ոք կը տեսնէր անոր գործերը: Ոչ ոք կը գրէր անոնց մասին եւ անոր գեղանկարներէն եւ գծանկարներէն ոչ մէկը ցուցադրուած էր Նիւ Եորքի մէկ պատկերասրահին կամ թանգարանին մէջ»:

Անթիքերիում ցուցասրահին մէջ Փինաճեանի վաճառքի դրուած գործերուն հասոյթին մէկ մասը յատկացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած Ֆանտ ֆոր արմինըն ռիլիֆ (ՖԱՌ) կազմակերպութեան, որ մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսաւ «Փինաճեան. վերացապաշտութեան վարպետը` յայտնաբերուած» վերնագիրով պատկերագիրք մը, զոր խմբագրած է Ֆոք: Պատկերագիրքը կը մէկտեղէ արուեստի անուանի մասնագէտներու արժեւորումներ:

Գծանկարային
Պատմութիւններու
Ռահվիրայ Մը

Փինաճեան չէ հետեւած այժմու արուեստագէտներու աշխատելաոճին, այսինքն` չէ դիմած արուեստի գործերու վաճառականներու:

Արթըր Փինաճեան զաւակն է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած վարպետ ասեղնագործ Վարդանուշի եւ շոգիով հագուստ մաքրող Յակոբի: Ան ծնած է 1914-ին` Նիւ Ճըրզիի Եունիըն Սիթի քաղաքին մէջ եւ կոչուած է Աշոտ, սակայն նախընտրած է իր փաղաքշական Արշի անունը: Կանուխ տարիքէն հասունցած պատանի մը` ան գերազանց նիշեր արձանագրած է դպրոցին մէջ եւ ցուցաբերած է միաժամանակ երկու ձեռքով գծելու մարմաջ մը: 1930-ին 16 տարեկանին աւարտելէ ետք երկրորդական վարժարանը, Միացեալ Նահանգներու տնտեսական Մեծ անկումի ժամանակներուն աշխատած է իբրեւ հաշուապահ` գորգի գործարանի մը մէջ` ապրուստ ապահովելու համար իր ընտանիքին, երբ հայրն ու հօրեղբայրը դարձած են գործազուրկ: 1932-ին` մօրը կանխահաս մահէն ետք իր հայրն ու քոյրը փոխադրած է Լոնկ Այլընտի մէջ փոքր բնակարան մը:

Երիտասարդ Փինաճեան շատերուն նման ձգտած է խոյս տալ իր շրջապատի ծանր պայմաններէն եւ յաճախ դիտած է ժապաւէններ: Տեսնելէ ետք Փոլ Մունիի «Սքարֆէյս»-ը, ան սկսած է պատրաստել իր առաջին գծանկարային պատմութիւնը: Մինչ Փինաճեան կը շարունակէր աշխատիլ գորգի գործարանին մէջ, գործի առաջարկ ստացած է «Նիւ Եորք Տէյլի Նիւզ»-ի լրագրող-պատկերազարդող Լիւտ Շապազեանէն: 20 տարեկանին ան արդէն ինքզինք կը ծանուցէր իբրեւ առեւտրական մարզի մէջ նկարազարդող: Հետեւելով Ամերիկայի Արուեստի ուսանողներու դաշնակցութեան դասընթացքներուն, ան յղկած է իր կարողութիւնները` արդի ժամանակներու գծանկարային պատմութիւններու գիրքեր պատրաստելու մէջ: 1930-ական տարիներէն մինչեւ 1950-ական տարիներ, գծանկարային պատմութիւններու գիրքերու ոսկեդարին, ան նկատուած է այս նոր արտայայտչաձեւին ռահվիրաներէն եւ յաջողութիւն արձանագրած է պատմութիւններ գրելով եւ պատկերազարդելով «Քուալիթի»-ի, «Մարվըլ»-ի եւ «Սանթոր»-ի հրատարակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ իբրեւ պատկերազարդող աշխատած է ծանուցումի ընկերութիւններու մէջ:

Փինաճեան չէ հետեւած այժմու արուեստագէտներու աշխատելաոճին, այսինքն չէ դիմած արուեստի գործերու վաճառականներու, ոչ ալ օգտագործած է առեւտրական կապեր: Բ. Աշխարհամարտին ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք ան ներգրաւուած է դէպի գեղանկարչութեան հին եւ արդի վարպետներու աշխարհը, տեւաբար թափառած է Մանհաթընի թանգարաններուն եւ արուեստի ցուցասրահներուն մէջ, տարիներ շարունակ ընդօրինակելով հռչակաւոր արուեստագէտներու գործերը` իւրացնելով անոնց կիրարկած արհեստավարժութիւնը:

Փինաճեան իր կեանքին վերջին 26 տարիները ամբողջութեամբ նուիրած է արուեստի, ապրելով փոքր սենեակի մը մէջ: 1999-ին արուեստագէտին մահէն 8 տարի ետք էր, որ անոր արուեստի գործերը լոյս աշխարհ պիտի գային: Ան չէր հետաքրքրուած փառքով, այլ պարզապէս շատ զբաղած էր գծելով:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1963)

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն – 14

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.