
Շաբաթ, 14 մայիսին, «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Սթոք Սիթի: Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 88 հազար հանդիսատես:
Եայա Թուրէի նշանակած կոլին շնորհիւ (74-րդ) Մանչեսթըր Սիթի յաջողեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել եւ իր պատմութեան մէջ հինգերորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս տիտղոսին: Անիկա վերջին անգամ այս տիտղոսին տիրացած էր 1969-ին:


