Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բագին» Հանդէսի Գրական Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Յակոբ Պալեան Եւ Կարօ Աբրահամեան Ներկայացուցին Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» Ալպոմը

March 21, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին կազմակերպած գրական հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 20 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած այս գրական զրոյցին գլխաւոր բանախօսներն էին «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան եւ Կարօ Աբրահամեան:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Կարօ Աբրահամեան, որ լուսանկարչութեան հակիրճ պատմականը կատարեց` մէջբերելով պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի այն կարծիքը, ըստ որուն, «լուսանկարչութիւնը 7-րդ արուեստ է»: Աբրահամեան նշեց, որ Միջին Արեւելքի առաջին լուսանկարիչը եղած է Եսայի վրդ. Կարապետեան, որ աշակերտած է պոլսահայ հանրածանօթ լուսանկարիչներ Վիգէն եւ Յովսէփ Ապտիւլլահեան եղբայրներուն, ծանօթ` «Պիրետեր» մակդիրով: Ապա Աբրահամեան ներկայացուց Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» մեծածաւալ ալպոմը: Սեւ ու ճերմակ պատկերներով 324 էջերէ բաղկացած հաստափոր հատընտիր մը, ուր լուսանկարները իրենց փոխաբերական իմաստով նոյնքան կշիռ կու տան ալպոմին: Քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան գրած է անգլերէն յառաջաբանը, իսկ հայերէնով` «Հորիզոն»-ի խմբագիր Կարօ Արմէնեան: Կարօ Աբրահամեան յայտնեց, որ հատընտիրը կ՛ընդգրկէ երեք մասեր, որոնց առաջինը կ՛անդրադառնայ ալպոմին մէջ տեղ գտած դէմքերու լուսանկարներուն, ինչպէս` Արամ Ա. կաթողիկոս, Շարլ Ազնաւուր, Պօղոս Սնապեան, Նիկոլ Պեզճեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ ուրիշներ: Երկրորդ մասը կ՛անդրադառնայ հեղինակին Հայաստան կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն` լուսանկարներով ու համապատասխան բացատրականներով: Երրորդ մասը կ՛ընդգրկէ աւելի ազգային մտահոգութիւններ խորհրդանշող փոխաբերական բացատրականներով  լուսանկարներ, ինչպէս` բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովի փշաթելի ետին կանգնած մէկ գծանկարը, որ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Փարաճանով անմիջականօրէն գծած էր ի պատասխան հեղինակին` Գալուստ Պապեանի այն հարցումին, թէ` «Սերկէյ, քեզի համար ի՞նչ է հայը, ի՞նչ է հայութիւնը»: Գծանկարին տակ Պապեան հետեւեալը մեկնաբանած է. «Բազմատաղանդ Փարաճանով իր տարերքին մէջ էր…»:

Ապա խօսք առաւ Յակոբ Պալեան, որ անդրադարձաւ լուսանկարչական արուեստի արժեւորման ու չափանիշներուն: «Այսօր ամէն մարդ կը նկարէ, բայց արուեստագէտին եւ իմ ոսպնեակս նոյնը չէ, որովհետեւ նկարը «տեսնելու» յատուկ կերպ կայ: Ան թուեց այս մարզի գլխաւոր արուեստագէտ-լուսանկարիչներէն անուններ, ինչպէս` Գարշը, Հերի Գունտաքճեանը Պուրճ Համուտի «Ֆոթօ Մանուկ»-ը, Վարուժան Սէթեանը: Կարօ Աբրահամեան հոս ընդմիջեց աւելցնելով Տաւիտ Պոյաճեանի անունը:

«Իսկական լուսանկարիչ-արուեստագէտը ան է, որ նախապէս կ՛ուսումնասիրէ իր նկարելիք առարկան», ընդգծեց Պալեան` իբրեւ օրինակ նշելով հայազգի աշխարհահռչակ արուեստագէտ լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեանը, որ Արարատը հակառակ կողմէն նկարած էր` գետին պառկած վիճակով, սլացիկ տեսք տալով բռնագրաւեալ հայկական խորհրդանշանին:

Պալեան այս գծով շեշտեց հրատարակուող գործերու ցրուումի կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա մատչելի դառնայ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն: «Ցրուումի հարց կայ, պէտք է մտածել յատուկ ընկերութիւններու մասին, որոնք հեղինակին որոշ գումար մը վճարելէ ետք, իրե՛նք կը ստանձնեն հրատարակուած աշխատութեան ցրուումի եւ վաճառքի կազմակերպումը: Արդէն կ՛ըսեն` գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար», ցաւով ընդգծեց Յակոբ Պալեան:

Աւարտին, շահեկան զրոյց կայացաւ երկու բանախօսներուն եւ ներկաներուն միջեւ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Անթիլիասի Վեհարանի Դահլիճին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.