Պրազիլի ճատրակի ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւելը հայազգի կրանտմասթըրը իր առաջին քայլը կը նկատէ դէպի ճատրակի մեծ աշխարհը:
Լուրը կը փոխանցէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Գրիգոր Մխիթարեանի հետ «Տը Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին կատարած հարցազրոյցէն:
«Այս յաղթանակը մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար, որովհետեւ անիկա տարիներու աշխատանքէ ետք անձնական մեծ յաղթանակ կը նկատեմ: Ասիկա իմ առաջին քայլս էր ճատրակի աշխարհին մէջ լաւ խաղացող դառնալու դժուար մարտահրաւէրին մէջ», ըսաւ Մխիթարեան:
25 փետրուարէն 6 մարտ Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցած Պրազիլի ճատրակի ախոյեանութեան, Մխիթարեան առաջին երկու հանգրուանին հաւասարութիւններ արձանագրելէ ետք, յաջորդ 9 հանգրուաններուն առանց պարտութիւն կրելու 8,5 կէտով տիրացած է տիտղոսին:
Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1999-ի համահայկական խաղերուն մասնակցելու, սակայն ոչ իբրեւ արհեստավարժ ճատրակ խաղացող:
Ան 2003-ին, եւ 2004-ին Պրազիլի պատանիներու ախոյեանութեան հանդիսացած է ախոյեան, իսկ 2010-ին` Համահայկական ճատրակի ողիմպիականին: Նոյն այդ տարին ան ստացած է կրանտմասթըրի տիտղոսը:


