Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ 1 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ կրկնուելիք մրցումը, որ կ՛իյնայ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ:
Չելսի այս կրկնուելիք մրցումը, պիտի կատարէ «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի իր դաշտին վրայ: Նախորդ շաբաթավերջին երկու կազմերը «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ:
Նկատի ունենալով, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 1 ապրիլին, ֆետերասիոնը Չելսիի, Սաութհեմփթընի դէմ կատարելիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումը, որ սկզբունքով պիտի կատարուէր 31 մարտին, մէկ օրով յառաջաձգեց:


