Երկուշաբթի, 11 մարտ 2013-ին, Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կեանք եւ ծառայութիւն բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու քննարկման եւ պաշտպանութեան նուիրուած համագումար մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ երէցկին Մանիա Միսիրեան:
Համագումարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միութեան Կեանք եւ ծառայութիւն բաժանմունքի տնօրէն Սեդա Խտըշեան:
Համագումարին ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, իրաւաբաններ եւ Լիբանանի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ:


