Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուա իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թերեք Կրոզնին:
Մայրաքաղաքի կազմին այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան` իր իրագործած հեթրիքով (2-րդ, 29-րդ եւ 79-րդ):
Մովսիսեան, որ իր ակումբին հետ իրագործեց իր առաջին հեթրիքը, այժմ 12 կոլով (14 մրցումէ) կը գրաւէ ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը: Արազ Օզպիլիս (Քուպան), որ 16 մրցումէ նշանակած է 8 կոլ, կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս վերջին յաղթանակէն ետք, այժմ Մովսիսեանի կազմը ունի 35 կէտ:


