Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՍԼԱՄ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

May 14, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 12 մայիսին, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոն, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր վեհաժողով մը` ներկայութեամբ 35 հոգեւոր պետերու ու իրենց օգնականներուն:

Վեհաժողովի բացումը կատարելով` մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքը շեշտեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը` հեռու մնալով Միջին Արեւելքին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող վերիվայրումներէն: Ան նաեւ հետեւողական կերպով նման հանդիպումներ ունենալու կարեւորութիւնը յիշեցուց ներկաներուն: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ռաշիտ Քապպանի, շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ապտել Ամիր Քապալան, յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Լահհամ պատրիարք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան: Բոլորն ալ ընդգծեցին քրիստոնեայ-իսլամ միասնականութիւնը պահելու հրամայականը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ չորս կէտերու.-

Ա) Լիբանանը զանազանութիւններու երկիր է: Այս փոքր երկրին մէջ 17 քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներ միասնաբար կ՛ապրին` նոյն հողին վրայ ու նոյն երկինքին տակ: Միասնականութիւնը ամէնօրեայ հացի ու ջուրի նման կենսական է մեզի համար. սակայն, մենք տարբեր ենք: Միասնականութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն. մեր տարբերութիւնները պէտք է յարգենք, սակայն տարբերութիւնները պէտք չէ մեզ անջատեն, իրարմէ հեռացնեն: Մեր տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, պէտք է մեր միասնականութիւնը արտայայտենք: Հո՛ս է Լիբանանի իւրայատկութիւնը ու միաժամանակ անոր պատգամը` ուղղուած մեր շրջապատին:

Բ) Լիբանանը միայն այս փոքր հողաշերտը չէ: Չմոռնանք, որ իւրաքանչիւր համայնք իր սփիւռքը ունի: Կա՞յ այս աշխարհին վրայ երկիր մը, ուր լիբանանեան համայնքներ չկան: Անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան սփիւռքը գործնապէս արտայայտէ իր կապուածութիւնը Լիբանանին. միաժամանակ անհրաժեշտ է, որ մենք մնայուն կամուրջներ հաստատենք Լիբանանի ու արտասահմանի միջեւ: Լիբանանեան սփիւռքը մեզի համար հզօրութեան աղբիւր է ամէն իմաստով: Արտասահմանի լիբանանցիները դեսպաններն են Լիբանանի:

Գ) Միջին Արեւելքը կ՛եռայ. բնականաբար Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութիւնը իր դրդապատճառները ունի եւ յստակ նպատակներ կը հետապնդէ: Լիբանանը գերագոյն ճիգ պէտք է կատարէ հեռու մնալու ստեղծուած կացութեան հետեւանքներէն: Աւելին. վերջին շրջանին քրիստոնեայ-իսլամ, սիւննի-շիի երեւան եկող զգայնութիւնները ու նոյնիսկ բռնարարքները կրնան ժխտական հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ: Մենք պէտք է նախ շեշտենք կարեւորութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, որ դարերու մէջ արմատացած է: Երկրորդ, մենք պէտք է միաժամանակ շեշտենք բոլոր համայնքներու համահաւասար իրաւունքները, որպէս նոյն երկրին մէջ ապրող քաղաքացիներ:

Դ) Ամիսներէ ի վեր Լիբանանը կառավարութիւն չունի. տարօրինակ, բայց իրաւ: Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները, անընդունելի երեւոյթ է սա: Վերջին հաշուով հոս նստած հոգեւոր պետերը համայնք ու ժողովուրդ կը ներկայացնեն. անոնց մտահոգութեան ու ընդվզումին թարգմաններն ենք այստեղ: Լիբանանը չի կրնար այս ձեւով շարունակել. այս կացութիւնը բնականաբար պիտի յառաջացնէ տնտեսական կեանքի քայքայում, երիտասարդ ուժերու արտագաղթ ու քաղաքական անորոշութիւն: Անհրաժեշտ է հետեւաբար, որ կարելի փութով կառավարութիւն մը կազմուի:

Դռնփակ ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները եւ ապա կարդացուեցաւ ժողովին հաղորդագրութիւնը, ուր ընդգծուեցաւ լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին երկփեղկումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքական պատասխանատուներուն անմիջապէս կազմելու կառավարութիւնը` հիմնուելով սահմանադրական կարգ ու կանոնին վրայ:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ. ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.