Երէկ` կիրակի, 10 մարտին մեծ շուքով եւ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հասաւ Պուրճ Համուտ, ուր Արաքս թաղի մուտքին արժանացաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան, ապա թափօրով առաջնորդուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ հաւատքին կառչած մնալու անհրաժեշտութեան վրայ եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն պահպանումը:
Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կանխեց օր մը առաջ, շաբաթ, 9 մարտին, եկեղեցւոյ թաղականութեան կազմակերպած ժողովրդային տօնախմբութիւնը` Արաքս փողոցին մէջ:
Արդարեւ, շաբաթ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Արաքս փողոցը զարդարուեցաւ եռագոյն դրօշներով եւ ստացաւ տօնական տեսք: Արաքսի կեդրոնական խաչմերուկին վրայ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտները կանգնեցուցին եկեղեցւոյ գմբէթի տեսքով հսկայ ձեռային մը, որ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը: Եկեղեցւոյ փողոցը օժտուեցաւ յատուկ բեմով, իսկ Արաքսի երկայնքին հաստատուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած տաղաւարներ, որոնք ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը ներգրաւեցին իրենց շուրջ: Բարձրաձայն սփռուող հայկական երաժշտութիւնը յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ:
Տաղաւարներով հանդէս եկան ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, «Արցախ Ֆոնտ»-ը եւ Համազգայինի հրատարակչատան գրատարածը:
Տօնախմբութեան աշխատանքները համակարգող շրջանի «Սարդարապատ» կոմիտէն այս առիթով ստեղծած էր ամէն տեսակի յարմարութիւն` Արաքս փողոցի անդորրութիւնը չխախտելու եւ օտարներու երթեւեկը դիւրացնելու համար:
Կէսօրին, տօնախմբութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վանայ ձայն»-ը` ուղղակի հարցազրոյցներ կատարելով եկեղեցւոյ թաղականութեան, Նոր Մարաշի ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ տաղաւարներու պատասխանատուներուն հետ:
Տաղաւարները իրենց դռները բացին յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին: Երկու ժամ ետք, անոնց միացաւ եւ մթնոլորտը խանդավառեց ծանօթ ձեռնադաշնակահար Սիմոն Կոստանդինեան, որ շրջեցաւ Արաքսի երկայնքին, երգեց, նուագեց եւ հայ թէ օտար այցելուներուն պարգեւեց հաճելի պահեր: Երգերով յաճախ իրեն ընկերացան «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան պատանիները:
Յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, մինչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները կը շարունակուէին, եկեղեցւոյ փողոցին մէջ ընթացք առաւ մանկական յայտագիրը: «Ուրախ տարեդարձ» խումբը շուրջ մէկ ժամ զուարճացուց տօնախմբութեան ներկայ փոքրիկները: Մեծ ու պզտիկ երգեցին ու պարեցին Արազին, «Պառնի»-ին, ծաղրածուին եւ օգնականին հետ: Բախտաւորները շահեցան նուէրներ: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, իր կարգին, պատշաճ հիւրասիրութեամբ մը պատուեց փոքրիկները:
Երեկոյեան, տօնախմբութեան խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երիտասարդական երգահանդէսով, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանի մեծ թիւով երիտասարդներ: Սեդօ Պաղտասարեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, ժողովրդային եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Յարութ Լափաճեան, Նայիրա Պաղտասարեան, Սագօ Պեսնիլեան, Նժդեհ Պոտրումեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան: Երգահանդէսը տեւեց աւելի քան երկու ժամ: Ներկաները երգեցին ու ազգային ոգեւորութեան յիշատակելի պահեր ապրեցան` աւանդական տօնախմբութեան մը գօտեպնդիչ մթնոլորտին մէջ:


