Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմիլ Լահուտ» Հանդիսասրահին Մէջ «Քնար» Պարախումբը Պարարուեստի Ընդմէջէն Արժանավայել Կերպով Նշեց Արամ Խաչատուրեանի Ծննդեան 110-ամեակը

March 11, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանճարեղ երգահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 10 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ժան Այանեանի, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբին այս տարուան երրորդ եւ վերջին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին:

«Քնար»-ի պարուսոյցն է Հայաստանէն հրաւիրուած Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգ ու պարի համոյթի բազմավաստակ պարուսոյց Յովիկ Խաչիկեան: Յայտագիրի առաջին բաժինին մէջ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց «Շիրակի», «Վաղարշապատ», «Հովիւներ», «Իլիկներ», «Հայուհի», «Քաջ Նազար», «Տաւիղ» եւ «Արցախ» պարերը: «Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Իլեկիա»-ն, «Նինօ»-ն եւ «Եաման եար»-ը: Այս բաժինին ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրմա Տէտէեան: Հետաքրքրական էր «Քաջ Նազար»ին կատարումը, որ բեմականացած էր եւ պարին ընդմէջէն ներկայացուած էր տիպարը:

Կարճ դադարէ մը ետք, երկրորդ բաժինով ելոյթը սկսաւ ջահերու պարով, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Արամ Խաչատուրեանին կենսագրութիւնն ու արժէքը ներկայացնող տեսերիզ մը: «Քնար»-ը պարեց «Վարդագոյն աղջիկներ», «Շալախօ», «Լեռնցիներ», «Ուզուն տարա» եւ «Սուրեր» պարերը: Այս բաժինին մէջ «Գայեանէ»-ն ներկայացուց «Սուիտա» պարը, մինչ յայտագիրին «Գարուն Երեւան» երգով իր մասնակցութիւնը բերաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: «Գայեանէ»-ի աշակերտներուն մասնակցութիւնը ելոյթին տուաւ յատուկ գունաւորում եւ երթին շարունակութիւնը ապահովող երաշխիք: «Քնար»-ի ելոյթը աւարտեցաւ փակման խմբային պարով:

Ելոյթին առիթով ձեռնարկին սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուած գրքոյկներուն մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր խօսքին մէջ նշեց, որ «հետեւողական ու բծախնդիր իրենց մարզումներով` մեր տղաքն ու աղջիկները ջանացին հասնիլ կատարողական անթերի եւ նրբաճաշակ մակարդակի` իբրեւ մէկ ամրապինդ օղակը այն ոսկեշղթային, որ տասնամեակներէ ի վեր երգի, պարի, թատրոնի, երաժշտութեան, գրականութեան եւ կերպարուեստի բազմերանգ իրագործումներով Համազգայինի մշակութային ուղեւորութեան իրագործումները իրարու կ՛ագուցէ եւ գոհացում ու հպարտութիւն կ՛առթէ լիբանանահայ խստապահանջ հանդիսատեսին»:

Հաստատում մը, որ գործնապէս թարգմանուեցաւ նշեալ ելոյթին ընդմէջէն եւ անով իսկ արժանավայել կերպով նշուեցաւ մեծ արուեստագէտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակը:

 

 

Նախորդը

«Սիփան» Պարախումբը «Մեր Պարերը Եւ Մենք» Թեմայով Վարպետօրէն Ներկայացուց Հայկական Տոհմիկ Պարերը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.