Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օր. «Մէկ Պիլիոն Բարձրացող»-ներու Ալիքը` Լիբանանի Մէջ

March 8, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐԱԶ

Փետրուար 14-ին «Պէյրութի շուկաներ»-ուն մէջ խումբ մը երիտասարդներ պարեցին ու «բարձրացան» կնոջ դէմ կատարուող վայրագութիւններուն կասեցման դատին համար:

Համաշխարհային «Վի-տէյ» անունով կազմակերպութիւնը իր 15-րդ տարեդարձին առիթով սկսաւ «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ներու անունով պարի արշաւը, որուն նպատակներէն մէկն էր աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ «սմարթ ֆլեշմոպ»(1) մը սկսիլ եւ «բարձրանալով»` բարձրացնել անարդարութիւններու զոհ գացած կիներու խուլ ձայները:

Ինչպէ՞ս «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ները կը հասնին Պէյրութ

«Համացանցէն կարդացինք «Վի-տէյ»-ի նախաձեռնած ձեռնարկին մասին, որ միեւնոյն ժամանակ իր կայքին միջոցով կոչ կ՛ուղղէր եւ առիթ կ՛ընծայէր, որ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ ալ այլ կազմակերպութիւններ միանալով շարժումին` փետրուար 14-ին պարէին «Շղթայազերծել» վերնագիրով պարը: Տուեալ թուականէն մնացած էր միայն տասը օր, եւ եթէ որոշէինք Լիբանանէն ալ միանալ այս համաշխարհային շարժումին, պէտք էր շատ արագ սկսէինք աշխատանքին», ըսաւ Լարա Խաչիկեանը` Լիբանանի մէջ «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ներու ձեռնարկին կազմակերպիչներէն մէկը:

Սարին Խաչիկեան

«Մէկս միւսին լուր տալով եւ երկու օրուան ընթացքին խումբ մը ընկերներով հաւաքուեցանք, ծրագրեցինք ու կիրարկեցինք ելոյթը», ըսաւ Սարին Խաչիկեան` այլ կազմակերպող մը: «Լիբանանի մէջ այս նախաձեռնութեան լուրը շատ շուտ արձագանգ գտաւ շնորհիւ Դիմատետրի իր էջին: Այլ խօսքով, Դիմատետրի էջին պատրաստումէն քանի մը ժամ ետք իսկ իրենց մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամ բազմաթիւ պատասխաններ ստացանք: Քաջալերելի էր նաեւ Լիբանանի մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան տարբեր կազմակերպութիւններուն մասնակցութիւնը, ինչպէս «Քաֆա»-ին եւ «Նասաուիա»-ին, որոնք պարին կողքին իրենց բարձրացուցած պաստառներով բարձրացուցին նաեւ իրենց ձայնը: Նշեմ, որ պաստառները զերծ էին անձնական պիտակներէն եւ բոլորը կը կրէին միայն «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ներուն միասնական «ձայնը»»:

Կազմակերպիչները

12 բարեկամներէ բաղկացած խումբին իւրաքանչիւրը տարբեր շրջանակէ եկած ու տարբեր մասնագիտութեան տէր անձ է: Սարին Խաչիկեանը կրթական մարզի մէջ է. ան եղած է ուսուցիչ եւ Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն, ապա «Ռաուտա բարձրագոյն վարժարան»-ի տնօրէն. ներկայիս ան կ՛աշխատի «Ռէրտն» կրթական հաստատութեան մէջ, որուն նպատակն է անձնական դպրոցներու կրթական ծրագիրներուն բարեփոխումն ու բարելաւումը: Մասնակցած է Վահրամ Փափազեան թատերախումբին եւ 2003-ին տիրացած` համահայկական «Վահագն» լաւագոյն դերասանի մրցանակին:

Լարա Խաչիկեան, մասնագիտութեամբ հոգեբան, աշխատած է որպէս լուսանկարիչ-թղթակից եւ «Մանտէյ Մոռնինկ»-ի անգլերէն բաժինի խմբագիր: Ներկայիս ան կ՛աշխատի ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովներու բաժինին մէջ: Ան եւս աշխատած է թատրոնի քուլիսներուն ետին, ինչպէս նաեւ տուած է իր լուսանկարչութեան անձնական ցուցահանդէսը:

Կազմակերպիչ խումբին մէջ կան նաեւ Դալար Խաչիկեանը, Փամելա Հալաճեանը, Մարալ Տէր Պօղոսեանը, Ռեն Ազզի, Ճիւնալին Պանիէ-Մուսին, Լինա Ֆախուրին, Տալիա Ղանըմ Եազպեք, Մայսան Մարուֆ, Միրա Նասիֆ եւ Ռոպերթօ Մուսին:

«Իւրաքանչիւր անձ` ապաւինելով իր մասնագիտութեան եւ կապերուն, հանդէս եկաւ որպէս կազմակերպիչ` հեռու անձնական շահերէ, եւ այդ պատճառով,խմբային աշխատանքին շունչին տակ, յաջողութիւն գտաւ ձեռնարկը : Նշենք, որ Լիբանանի «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ները ոչկառավարական բնոյթի կազմակերպութիւն մը չեն, հետեւաբար մեր հովանաւորները մենք ենք` մասնակիցներս եւ դատին համար պարողներս», ըսին անոնք:

Ինչո՞ւ «Պէյրութի շուկաներ»-ը

«Ձեռնարկին իրականացման վայրին գծով կային քանի մը առաջարկներ, որոնցմէ մէկն էր «Պէյրութի շուկաներ»-ը: Այդ վայրին ընտրութիւնը յատուկ նպատակ չունէր, բացի ձեռնարկը առաւելագոյն չափով մարդաշատ տեղ մը կատարելէ, ուր նաեւ կարելի պիտի ըլլար մամուլի հասանելիութիւնը, քանի որ նպատակը մեր ձայնը բարձրացնելն ու հասանելի դարձնելն էր», նշեց Ս. Խաչիկեանը` շարունակելով. «Ապագայի աշխատանքներուն համար սեւագրութեան վրայ դրուած մեր նպատակներէն մէկն ալ նաեւ դպրոցներուն հասնիլ է եւ տարբեր ձեւերու տակ կատարուած վայրագութեան մասին ձեռնարկներ կատարել է, քանի որ մեկնած իմ մասնագիտութենէս եւ փորձառութենէս, փոքրիկներուն դաստիարակելով, թէ՛ կանխարգիլած կ՛ըլլանք հարցին ծագումը, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին, որ վայրագութիւնը բնական չէ եւ կը խօսին ատոր մասին, եւ թէ՛ անոնք դուռ կը բանան իրենց ծնողներուն, որպէսզի համարձակութիւնը ունենան խօսելու այս հարցին մասին: Նկատելի է, որ արուեստը շատ խաղաղ ձեւ մըն է եւ համաշխարհային լեզու մըն է պայքարելու համար չարիքին դէմ»:

Երբ վայրագութիւնը «բնական» կը դառնայ

Լարա Խաչիկեան

«Մեր ընկերութիւնը իր կրօնական եւ պետական բազմազան օրէնքներուն ճամբով իրաւունք կու տայ կիներու դէմ վայրագութիւններուն կիրարկման եւ անուղղակիօրէն կը քաջալերէ այդ մէկը: Կինը անապահով կը զգայ ու չի խօսիր ատոր մասին, եւ ժամանակի ընթացքին այդ կը դառնայ իր առօրեայէն բաժին մը», ըսաւ Սարին Խաչիկեանը:

Լարա Խաչիկեան ընդգծեց. «Պէտք է կինը գիտնայ, որ ան կը պատկանի միայն իր անձին եւ իր ամուսինին քմահաճոյքէն կախեալ չէ: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել նաեւ, որ «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ներուն նպատակը զատորոշել չէ կին տղամարդէն, քանի որ վայրագութիւնը համամարդկային հարց է: Հոս կան փոքրամասնութիւններուն, օտար գործաւորներուն դէմ, հանրակառքերուն մէջ կատարուած վայրագութիւնները, այսինքն ամէն տեղ կրնայ նման բան առկայ ըլլալ: Նայուածք մը, խօսք մը, կեցուածք մը երբեմն նոյնքան ահաւոր է, որքան` ֆիզիքական վայրագութիւնը: Մենք այդ բոլորին դէմ կը պայքարինք ընդհանրապէս, բայց յատկապէս` կիներու դէմ կատարուածին:

«Մենք ունեցանք տղամարդոց մասնակցութիւնը եւս, անոնք ներկայ էին մեզի հետ ոչ միայն պարի մէջ, այլ նաեւ` քորեկրաֆիէն դուրս կատարուած կարեւոր գործին մէջ: Այս կը նշանակէ, որ կիները առանձին չեն, ունին նեցուկ, որուն պէտք է գիտակցին, եւ նմանօրինակ ձեռնարկներ կարեւոր են ծանօթացնելու եւ ուժ տալու համար անոնց»:

Ի՞նչ կը նշանակէ «Վի-տէյ»

««Վի.տէյ» կամ Վի-օր կը նշանակէ «Վիքթորի»(յաղթանակ), «Վայոլընս» (վայրագութիւն) եւ «Վաճայնայ» (հեշտոց)», բացատրեց Լ. Խաչիկեանը: «Յաղթանակ էր տասը օրուան ընթացքին հասնիլ Լիբանանի չորս կողմերը եւ բաւական մեծ թիւով տարբեր տարիքի ու պատկանելիութեան մասնակիցներ ունենալը. այս կը փաստէ, որ հարցը բոլորին կը պատկանի: Աւելի մեծ յաղթանակ է նաեւ Լիբանանի «Մէկ միլիոն բարձրացող»-ներուն տարբեր քաղաքներ հասնիլը. օրինակ, աւելի քան 1800 տարածում ունեցաւ մեր մասնակիցներէն Գայեանէ Մածունեանին նկարը, որ ձեռնարկին մասնակցութեան իր նեցուկը նուիրած էր բոլոր այն աղջիկներուն, որոնք կը բռնաբարուին, կը ծախուին եւ կը ստիպուին չխօսիլ այս բոլորին  մասին: Հարիւրաւոր տարածում ունեցաւ նաեւ Յորդանանէն Օմար Քաուար անունով գործիչի մը նկարը, որ այս դատին իր նեցուկը կը յայտնէ, քանի որ ան հայր է, զաւակ է եւ եղբայր է»:

Սարին Խաչիկեան շարունակեց. «Եթէ չենք համարձակիր բառերը ըսել այնպէս, ինչպէս որ են, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք խօսիլ մեր հարցերուն մասին այնպէս, ինչպէս որ են, առանց ամչնալու, կամ պահելու, կամ պահուըտելու մեր «ամօթ»-ին ետեւ»:

Հայ կազմակերպիչներ, հայ մասնակցողներ եւ հայկական հարց

Խօսելով հայերուն բերած մասնակցութեան մասին` Լարա եւ Սարին Խաչիկեանները նշեցին, որ արդէն կազմակերպիչներէն հինգը հայեր են, անոնք ըսին, որ որեւէ պաշտօնական հրաւէր կամ նամակ չուղարկէին հայկական պարախումբերուն, նկատի ունենալով, որ Դիմատետրի էջն էր ձեռնարկը տարածելու միակ ձեւը, եւ բոլորն ալ ազատ էին մասնակցելու. աւելցուցին, որ կային մասնակցող հայեր, որոնք սիրայօժար եկան եւ մասնակցելով պարի փորձերուն` ունեցան իրենց ներդրումը: Անոնք խօսեցան նաեւ յառաջիկայ տարին Հայաստանի մէջ նմանօրինակ ձեռնարկի մը սկսման նեցուկ կանգնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:

Ի՞նչ ունիք ըսելիք վայրագութեան ենթարկուող լիբանանահայ կնոջ

Նկատի ունենալով, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ նկատառելի թիւ կը ներկայացնէ ամուսնալուծումը, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն մէջ կ՛արձանագրուին զաւակներուն դէմ եւ ամոլներու միջեւ տեղի ունեցած վայրագութիւններու պարագաներ, Սարին եւ Լարա Խաչիկեանները ըսելիք ունէին նաեւ լիբանանահայ կնոջ.

«Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին ընկերային ծառայողներ, հոգեբուժներ, պէտք է առանց ամչնալու երթալ այս կեդրոնները, երբ պահանջը կայ: Վստահաբար դիւրին է խօսիլը, բայց լիբանանահայ կինը պէտք է գիտնայ, որ առանձին չէ եւ դատապարտուած չէ ամբողջ կեանքը անարդարութեան ենթարկուելու, պէտք է միայն կոտրէ թապուները:Հայկական զանազան կեդրոններ յաճախական դրութեամբ հայերէնով դասախօսութիւններ եւ վարժանիստեր կը կատարեն, անոնց մասին տեղեակ պէտք է ըլլան եւ անպայման մասնակցին: Այլ կեդրոններ ունին արուեստի վարժանիստեր, ուր կրնան դուրս տալ իրենց պրկումները, պոռթկումը եւ կամաց-կամաց ազատիլ կապանքներէն: Մեր մասնակիցներէն մէկէ աւելին վայրագութեան զոհեր էին եւ եկած էին նախ իրենք իրենց եւ ապա աշխարհին ապացուցելու, որ կը պայքարին եւ պիտի չլռեն այլեւս: Անշուշտ ճնշուած հոգին ազատագրելը ժամանակի կը կարօտի, բայց պէտք է որոշել եւ առաջին քայլը առնել, ասիկա ամէնէն կարեւորն է»:

Լարա Խաչիկեան անդրադարձաւ նաեւ վայրագութիւնները կանխելու երիտասարդ ուժերու կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ ներկան անոնք ենք եւ անոնց հետ աշխատելով ու անոնց օգնութեամբ նոր միջոցներ մէջտեղ բերելով կարելի է աւելի լայն բանալ մեր կարկինները եւ հասնիլ աւելի մեծ հանրութեան: «Երիտասարդութիւնը այսօրուան ամէնէն կարեւոր մարդուժն է, զոր պէտք է օգտագործել: Անոնք ունին փոփոխութիւն ձեռք բերելու ուժը եւ անոնք պիտի ըլլան մեր ջահակիրները, պէտք է նկատի առնենք անոնց ուժը` վայրագութիւնները կանխարգիլելու եւ հարցը բարձրացնելու գծով», ըսաւ Լարա Խաչիկեանը:

Սարին Խաչիկեան աւելցուց. «Չմոռնանք համացանցին կարեւորութիւնը: Եթէ համարձակութիւնը չունին դիմելու մասնագէտի  օժանդակութեան, միայն կարդալով եւ տեսնելով վայրագութեան դէմ պայքարողները, զոհերը ժամանակի ընթացքին քաջութիւնը պիտի ունենան խօսելու»:

Լիբանանի մէջ «Մէկ պիլիոն բարձրացող»-ները տասը օրուան ընթացքին կը յաջողին պատրաստել ու աղմուկ բարձրացնել կիներու նկատմամբ վայրագութիւններուն դէմ բողոքելու գծով:

Համայնքային Լիբանան անպակաս կը մնայ ծայրայեղական ալիքներուն վերիվայրումներէն, ըլլան անոնք կրօնական եւ համայնքային ծայրայեղութիւններ, նոյնիսկ երբեմն նոյն համայնքին մէջ տարբեր քաղաքական արեւելումի եւ յարանուանութեան պատկանողներու միջեւ ծայրայեղ արտայայտութիւններ, գործաւորներու դէմ անարդարութիւն, կիներուն` իրաւունքներէ զրկելու օրէնքներ, որուն համար ցոյցեր կը շարունակուին:

Աւելի նեղ շրջանակէ դիտելով` մեր պատմութիւնը եւ երգերը լի են հայոց մայրերը գովաբանելու արաքներով, սակայն որքանո՞վ կը շարունակենք մենք, որպէս ներկայ հայութիւն, պահպանել մեր մայրերուն, քոյրերուն եւ կիներուն անվտանգութիւնը թէ՛ մեր թաղերու մէջ կատարուած բանաւոր չարաշահումներէն եւ թէ՛ մեր տուներուն մէջ եւ անոնց աշխատանքներուն ընթացքին կատարուած զանազան տեսակի շահագործումներէ:

Վայրագութիւնը միայն պատերազմի յատկանիշ չէ: Զգաստ մնանք, թէ՛ չշահագործենք եւ թէ՛ չշահագործուինք` որպէս քաղաքացի եւ որպէս ազգ:

14 փետրուար 2013

 

(1) Ֆլեշմոպ կը նշանակէ ժողովրդական վայրերու մէջ անակնկալ ձեւով դուրս գալ եւ պարել, առանց նախօրօք լուր տուած ըլլալու:

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով. «Հայ Կնոջ Դիմաց Ոչ Մէկ Փակ Դուռ Կայ, Եւ Ժամանակն Է, Որ Կինը Ներկայութիւն Դառնայ Հանրային Կեանքին Մէջ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան

Յաջորդը

Մեր Կիները. 8 Մարտ – Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.