Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Նազարեանը` Զո՞հ, Թէ՞ Յանցագործ

March 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական ոստիկանութիւնը Սամաթիոյ եւ Շիշլիի մէջ հայ տարեց կիներու դէմ կատարուած  յարձակումներու հարցով 4 մարտին ձերբակալեց 38-ամեայ հայ մը` Մուրատ Նազարեանը: Թրքական իշխանութիւնները այժմ աշխատանք կը տանին զինք ներկայացնելու ոչ թէ իբրեւ կասկածեալ, այլ` հաստատ յանցագործ: Նպատակը յարձակումներուն ցեղապաշտական բնոյթը ծածկելն ու զանոնք իբրեւ հասարակ ոճիրներու շարք ներկայացնելն է: Իսկ ատիկա կատարելու համար լաւագոյն միջոցը հայ ամբաստանեալի մը «ստեղծումն» է: Եւ այստեղ է, որ կը յառաջանայ այն իրաւացի կասկածը, թէ Նազարեանը իսկութեան մէջ զոհ մըն է եւ ոչ թէ յանցագործ:

Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր «Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «նախքան անոր ձերբակալումը, գրգռիչ եւ խտրական դիպաշարեր գոյութիւն ունէին(…) Իրողութիւնը այն է, որ այստեղ հասարակ ոճիր մը գոյութիւն ունի»: Ան նաեւ չմոռցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ իշխանութիւններուն` «անոնց հանդարտ վերաբերմունքին համար»: Սակայն յարձակումի ենթարկուած տարեց կիներէն 87-ամեայ Թըրֆանտա Աշըքի թոռնուհին` Արեւ Ճեպեճի օրաթերթին ըսաւ, որ «անոնք ըսին, որ գողութեան փորձ էր, սակայն ան գողցաւ միայն ոսկեղէն, որ նիւթական արժէք չունէր»: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ այդ արարքը ոճիրին բուն դրդապատճառը ծածկելու համար էր:

Թրքական իշխանութիւնները այժմ լծուած են Նազարեանի յանցագործի կերպարը համոզիչ դարձնելու աշխատանքին: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Նազարեան նախապէս գողութեան երկու անջատ դէպքերու համար դատավճիռ ստացած անձ մըն է, խոստովանած է, թէ ինք կատարած է այս ոճիրները, անոր արեան քննութիւնը ցոյց տուած է, թէ Սամաթիոյ մէջ սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի պայուսակին վրայ գտնուած անծանօթ արիւնը նոյնն է, 15 այլ կասկածեալներ հարցաքննուած են, սակայն անոնց արիւնը ոճիրին վայրին մէջ գտնուած արիւնին չէ համապատասխանած, ուստի ազատ արձակուած են:

Նաեւ կը հաղորդուի, որ ոստիկանութիւնը վստահ է, թէ Սամաթիոյ մէջ գործուած ոճիրներուն հեղինակը Մուրատ Նազարեանն է, սակայն կը քննուի, թէ ան Շիշլիի մէջ գործուած յարձակումներուն հետ կապ ունի՞, թէ՞ ոչ: Այսպիսով, թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն առաջքը առնել հետագայ «անհաճոյ» զարգացումներու. եթէ Շիշլիի մէջ նոյնաբնոյթ ոճիր մը տեղի ունենայ, կրնան առարկել, թէ երկրորդ ոճրագործ մը գոյութիւն ունի, իսկ եթէ այդ ոճիրը Սամաթիոյ մէ՞ջ տեղի ունենայ… արդեօք պիտի ըսե՞ն, թէ Շիշլիի յանցագործը Նազարեանի ձերբակալումով ստեղծուած բացէն օգտուելով իր գործունէութեան դաշտը ընդլայնած է: Ի վերջոյ, հայ մը կամ Հրանդ Տինքի հարցին ծանօթ որեւէ անհատ ո՛չ թրքական իշխանութիւններուն, ո՛չ ալ ոստիկանութեան վրայ վստահութիւն կրնայ ունենալ:

Հակահայ վերջին յարձակումներուն իսկական հեղինակը, հեղինակները կամ պատուիրատուն հաւանաբար տակաւին երկար ատեն կամ երբեք չբացայայտուին, սակայն յուսանք, որ այսպիսով վերջին յարձակումներու շարքը աւարտի:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի Առիթով Այցելեց Ս. Նշան Մայր Եկեղեցի

Յաջորդը

Ժիրինովսքի Չաւեզի Մահուան Համար Մեղադրած Է Ամերիկեան Յատուկ Ծառայութիւնները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.