Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնաբուխ Արձագանգ

March 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Շ.  

Վերջին ամիսներուն ընթացքին բազմաթիւ շնորհաւորական գիրեր ու հեռաձայններ ստացանք (ու կը ստանանք տակաւին) այլազան անձերէ, ծանօթներէ, անծանօթներէ, մօտակայ ու հեռակայ ընկերներէ եւ բարեկամներէ, որոնք գնահատանքով կ՛արտայայտուին Հայաստանի Արագածոտն մարզի Ուշի գիւղին մէջ մեր ապրած կեանքին ու առհասարակ կրթական, մշակութային եւ այլ հասարակական ասպարէզներուն մէջ մեր կատարած ու ապագային կատարելիք գործերուն մասին:

Երեւանի հեռատեսիլի «Շողակաթ» կայանին մեր մասին պատրաստած տեսերիզը մեծապէս իր նպաստը բերաւ, ինծի եւ Էլիզին համար քիչ մը տարօրինակ թուող այս երեւոյթին: (Ըստ մեր կարդացած փաստացի տուեալներուն, ցարդ զայն դիտողները երեք հազարէ աւելի են: Անհաւատալի, բայց իրաւ):

Բոլորն ալ անխտիր, գրաւոր կամ բերանացի, կը յայտնեն մեզի: Կը մէջբերեմ.

«Բարի նախանձով դիտեցինք Հայաստանի ձեր կեանքը…»: «Կը զարմանանք ձեր ունեցած քաջութեան վրայ…»: «Մենք միայն կը խօսինք, իսկ դուք կը գործէք…»: «Մենք ալ կը մտածենք Հայաստան փոխադրուիլ…»:  Ուշի գիւղին մէջ ձեր ապրած կեանքը եւ հոն կատարած ձեր գործերը տեսնելով` կինս ու ես հոգեկան փոփոխութեան ենթարկուեցանք…»: Եւ այլն… եւ այլն… Այս բոլորը կարդալէ եւ անձնապէս լսելէ ետք, օրերու ընթացքին, հետեւեալ մտորումները յանձնեցի թուղթին` առանց բանաստեղծական թռիչքներու մէջ դեգերելու…

Իմացական աշխարհին մէջ ընդունուած է, որ ամէն անհատի մտորումներու թելը չի տարբերիր իր ապրած կեանքին, զգացածներուն ու կատարած գործերուն ճշմարտութիւններէն: Անոնք իր կենսագրութեան ու իր հաւատացածներուն դրսեւորումներն են, ձեւով մը: Կայ նաեւ ուրիշ ճշմարտութիւն մը, թէ` երջանկութիւնները բառերով չեն արտայայտուիր, այլ` գործով…

Փորձենք կարդալ…

Եկուր, Ընկեր…

Եկուր, ընկեր, եկուր երթանք միասին
երկիրն այն, որուն համար տոկացինք,
պայքարեցանք գոյատեւել որպէս հայ,
որ օտարին ձեռքը գերի չդառնանք:

Դժուար եղաւ կեանքը օտար վայրերուն
– ես որպէս հայ կ՛ըսեմ միայն, հասկցէք –
բոլորն ալ ուզեցին մեզ հաշտ ձուլել,
իրենց ազգին մէկ մասնիկը դարձնել:

Մաքառեցանք հոսանքին դէմ ազգային,
զոհեր տուինք նոյնիսկ օտար խորանին,
բայց տոկացինք, արիւնելով քալեցինք
համայնակուլ բաւիղներուն մէջ խրթին:

Հիմա ունինք ազատ երկիր, հայրենիք,
Արարատի սահմանին մօտ գտնուող,
ուր անվկանդ պայքար ունինք տանելիք,
որ լեռը սուրբ վերադառնայ հայրենիք:

Հայրենիքի ներկան եթէ մենք դարբնենք
հաւատացէք մեր ապագան կը կերտենք,
հոն պէտք է որ միաւորուինք ազգովին,
հզօրանանք, որ տիրանանք մեր Դատին:

Ուրիշ մտքեր երբ կը յայտնես սնոտի,
– կը լոլոզես, որ հայրենիք պէտք չունիս –
քեզի կ՛ըսեմ, Աստուած կեանքդ թող պահէ,
որ զայն ապրիս ինչպէս քեզի կը վայլէ:

Բայց լաւ գիտցիր, որ հոգւոյդ մէջ անթեղուած
բոց մը ունիս, որ քեզ հանգիստ չի թողուր
ու այդ բոցէն ձերբազատուիլ չես կրնար,
ուրիշ մտքեր մի որոներ դուն ի զուր:

Ուրիշ տեղեր բանտ են քեզի պարզապէս
– ես որպէս հայ կը նկատեմ այս մէկը –
ուր որ ապրիս, ինչ կեանքի տէր ալ ըլլաս,
հայրենիքիդ ձայնին չանսալ չես կրնար:

Մտիկ ըրէ այդ ձայնին դուն ազգակերտ,
հայ Աստուծոյ ձայնըն է այդ, սրբականչ,
որ երկիրդ կը պատուիրէ որ երթաս,
եւ հայ կեանքիդ ազատ կամքով տէր դառնաս:

Եկուր ընկեր, եկուր երթանք միասին
երկիրն այն, որուն համար տոկացինք:

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Նախորդը

Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) 90-Ամեակ. Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին Լուսաբաշխ Արուեստն Ու Կենարար Շունչը

Յաջորդը

«Նեկր»-ի Պատմութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.