
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարին փոխադրող իրաքեան «Էրպաս» տիպի օդանաւ մը երէկ 22 տարիներու ընդհատումէ մը ետք առաջին անգամ ըլլալով թռիչք կատարեց դէպի Քուէյթ:
Իրաքեան օդանաւորդութեան ընկերութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ողջունեց այս քայլը` նշելով, որ անիկա տօնական բնոյթ ունի:
Իրաքի եւ Քուէյթի միջեւ ուղղակի թռիչքներու վերսկսումը մեծապէս պիտի նպաստէ երկու պետութեանց յարաբերութեանց զարգացման` տնտեսական, գիտական, զբօսաշրջային թէ այլ մարզերու մէջ», ընդգծեց ան:

Նոր Դեսպան` Անգարայի Մէջ
Իրաքեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Լապիտ Ապպաուի սէուտական «Ուաթան» թերթին կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Իրաք Անգարայի մէջ նոր դեսպան պիտի նշանակէ մօտերս` տրուած ըլլալով, որ նախորդ դեսպանը հանգստեան կոչուած է:


