
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան համապատասխան մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդող հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այդ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ դարձնող քայլերը:
Ա. Քոչարեան Պասիլի ներկայացուց Հայաստանի ուժանիւթի մարզին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Քննարկուեցան ուժանիւթի մարզին վերաբերող ծրագիրներուն պարագային հայաստանեան-լիբանանեան գործակցութեան կարելիութիւնները: Անոնք հաստատեցին փոխադարձ այցելութիւններուն եւ մտքերու փոխանակման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ 9-10 ապրիլին Պէյրութի մէջ կազմակերպուած քարիւղի, կազի եւ ելեկտրականութեան հարցերուն նուիրուած «Լոճեք 2013» միջազգային համաժողովին մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, նախարար Նահհաս կարեւոր նկատեց միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն վերսկսումը, կլոր սեղաններու եւ համաժողովներու կազմակերպումը, մասնակցութեամբ` գործարարներու լայն շրջանակի:
Հանդիպումին ընդգծուեցաւ առեւտուրի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ առեւտուրի ծաւալը ընդլայնել:
Դեսպան Քոչարեան եւ նախարար Նահհաս անհրաժեշտ նկատեցին լիբանանեան-հայաստանեան առեւտրական միացեալ պալատ մը ստեղծելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակեցին միջկառավարական յանձնախումբի նստաշրջանի օրակարգի նախագիծը:


