Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի համաձայն, 2.33 միլիառ տոլար պիտի յատկացուի ռուսական օդանաւերու ճարտարարուեստի զօրակցութեան համար` յառաջիկայ 2012-էն 2025 երկարող տարիներուն ընթացքին: Ան յայտնեց նաեւ, որ «քանի մը տարի առաջ սնանկացումի եզրին գտնուող շարժակներու ճարտարարուեստը տակաւին կը դիմակալէ մեծ դժուարութիւններ»:


