Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացակաները

February 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Հայրենի պատկերասփիւռի պետական Հ1 կայանէն հեռասփռուող «Երգ երգոց» հաղորդաշարը տակաւին կը շարունակէ իր յաղթական երթը: Վերջերս արժանացաւ նաեւ յատուկ գնահատանքի` որպէս սիրուած բարձրամակարդակ յայտագիր: Արդարեւ, ամէն կիրակի, շաբթուան լուրերու ամփոփումէն ետք, մենք կը գամուինք մեր բազմոցներուն, որպէսզի ըմբոշխնենք յայտագրին առթած գեղարուեստական հաճոյքը:

Ես վստահ եմ, որ աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող հայերը անհամբեր կը սպասեն կիրակնօրեայ այդ երգային խնճոյքին: Անցնող ամիսներուն ես ականատես եղայ, թէ ինչպէ՛ս Անգլիոյ Նոթինկհամ քաղաքին մէջ ապրող միակ հայուհին` տիկին Մարին, իր ցուրտ առանձնութիւնը կը ջերմացնէր «Երգ երգոց»-ի յաջորդական հեռասփռումներով:

Վերջերս անդրադարձայ նաեւ, որ յայտագիրը ինքնաբերաբար ենթարկուած է հազիւ նկատելի փոփոխութեան մը, որ ինքնին բարենիշի համազօր փոփոխութիւն մըն է: Եթէ սկզբնական շրջանին հրաւիրեալները, որոնք ընդհանրապէս երաժիշտներ կամ մշակոյթի գործիչներ են, քննադատական արտայայտութիւններ կ՛ունենային երգերու մեկնաբանութեան մասին, հիմա այլեւս ոչ ոք կ՛անդրադառնայ այդ հարցին, որովհետեւ հաղորդաշարը արդէն անցած է ինքնահաստատման հանգրուանէն: Պէտք է ըսել, որ յատուկ աշխատանք կը տարուի նոր դէմքեր ու նոր երգիչներ բեմ հանելու համար, ինչ որ աւելի ինքնուրոյն ու հետաքրքրական կը դարձնէ իւրաքանչիւր յայտագիր:

Այս տարիներուն ընթացքին հաղորդաշարի բեմէն տողանցեցին բազմաթիւ երգահաններ, աշուղներ, բանաստեղծներ, որոնց գործերուն կատարումները, հիացում առթելով հանդերձ, բարձրացուցին ժողովուրդին ճանաչողական մակարդակը: Ծանօթացուցին անուններ, որոնք այնքան ալ ծանօթ չէին մանաւանդ սփիւռքահայերուն, այդպիսով իրարու մօտեցնելով մեր ժողովուրդին տարասփիւռ հատուածները:

Բայց… դեռ կան բացականեր, հայ երգի մեծ երախտաւորներ, որոնք յամառօրէն կ՛ուշանան: Միշտ սրտի տրոփով սպասած եմ յաջորդ հաղորդումի ծանուցումին, բայց տակաւին չհանդիպեցայ այն անուններուն, որոնց հանդէպ, իմ կարծիքովս, անարդարութիւն է, որ կը կատարուի: Արդարեւ, ո՞ւր են սփիւռքի տարբեր քաղաքներու մէջ ապրած ու ստեղծագործած մեր երաժիշտ-երգահաններու գործերը, ե՞րբ պիտի հրամցուին անոնք հանրութեան, ո՞վ պիտի աշխատի, որ այդ երախտաւորներուն գործերը սեփականութիւնը դառնան հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ ժողովրդային լայն խաւերու: Յիշեմ անոնցմէ քանի մը անուններ` Ալան Յովհաննէս, Գրիգոր Սիւնի, Աշոտ Պատմագրեան, Աւետիս Մեսումենց, Գուրգէն Ալէմշահ, Հրանդ Գէորգեան, Վահան Պէտէլեան, Շահան Պէրպէրեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Բարսեղ Կանաչեան, Սեպուհ Աբգարեան եւ այլն: Երկար է շարքը, եւ հաւանաբար շատ անուններ կան, որոնց ծանօթ չեմ ես: Սակայն Հայաստանի մէջ չեն պակսիր արխիւային նիւթերն ու երաժշտագէտները, որոնք ծանօթ են այդ երգահաններուն գործերուն եւ ի վիճակի են մասնագիտական խօսք ըսելու անոնց մասին: Կը հասկնամ դժուարութիւնը գործին, բայց ո՞վ պիտի զբաղի այս երգահաններուն հարուստ ժառանգութեամբ, եթէ ոչ` հայրենի մեր մասնագէտները ու անոնց շարքին` «Երգ երգոց»-ի ստեղծագործական անձնակազմն ու խմբագիրները: Թուած անուններս բոլորն ալ ունին մեներգներ, որոնք վստահաբար մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծեն ունկնդիրներուն մօտ` միաժամանակ տարածուելով ժողովուրդին մէջ: Չեմ խօսիր լայն կտաւի գործերուն մասին` սիմֆոնիաներ, խմբերգներ, օրաթորիաներ, քանթաթներ, որոնք դուրս կը մնան «Երգ երգոց»-ի աշխատանքային ծրագիրէն: Յիշուած բոլոր երաժիշտներն ալ ունին հրաշալի մեներգներ, որոնք հաճելի բացայայտում պիտի ըլլան հաղորդաշարի երկրպագուներուն համար: Թելադրուած աշխատանքը լրջութիւն, նուիրում եւ հետեւողականութիւն կը պահանջէ, բայց երախտիքի արդար խօսք պիտի ըլլայ հանդէպ այն արժանաւորներուն, որոնք բաժնելով իրենց ժողովուրդին ճակատագիրը` ծնած, ապրած, ստեղծագործած ու թաղուած ալ են օտար հորիզոններու տակ, օտարութեան գիրկին մէջ: Յիշուած անուններէն կ՛ապրի տակաւին Սեպուհ Աբգարեանը, բազմավաստակ ուսուցիչն ու «Գոհար» համոյթին ղեկավարը, որ պատնէշի վրայ է աշխարհի մեծագոյն բեմերուն վրայ` իր անսահման եռանդով ու նուիրումով: Սկսինք մէկով ու շարունակենք միւսներով, միայն թէ այդ երգահաններուն գործերը յաւէտ չդատապարտուին մոռացումի:

Այդ երգերուն մօտեցողը այնպիսի գեղեցկութիւններ պիտի բացայայտէ, որ մեծապէս վարձատրուած պիտի զգայ ինքզինք ու անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած պիտի ըլլայ հայ մշակոյթին:

 

 

Նախորդը

Ուղղանկիւն Շրջանակը Սադրիչ Ծրագրին

Յաջորդը

Հարցազրոյց Յակոբ Բագրատունիի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.