Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգի, Պարի, Նուագի Եւ Ասմունքի Կատարումներով Համազգայինը Արժանավայել Կերպով Տօնեց Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակը

February 25, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յայտարարած Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ` կիրակի, 24 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին երգը եւ պարը յաղթանակներուն մէջ ունեցած են իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը:

Կիրակոսեան ըսաւ, որ պատերազմին հայ մտաւորականը, արուեստագէտն ու համալսարանականը ունեցած են իրենց յանձնառու եւ կարեւոր մասնակցութիւնը, երբ գրիչին ու վրձինին կողքին զէնք կրելով բերած են իրենց մասնակցութիւնը:

Սարգիս Կիրակոսեան աւելցուց, որ Արցախեան յաղթանակէն ետք, այսօր Արցախը մշակութային մայրաքաղաք է, եւ այս տուեալին գլխաւոր ապացոյցը անցեալ տարի շրջանին մէջ իր բնոյթին մէջ եզակի` Արցախի մէջ տեղի ունեցած բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնն էր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 երկիրներէ մտաւորականներ եւ բանաստեղծներ:

 

 

 

 

 

 

 

Ապա սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը: «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ հայկական ժողովրդային գործիքներու համոյթը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանին եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար, արուեստաբան դոկտ. Թամար Յովհաննիսեանին ներկայացուցին արցախեան երգեր, ապա ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը, որուն գեղարուեստական պատասխանատուն է Մկրտիչ Միքայէլեան:

 

 

 

 

 

 

 

Գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Քէօշկերեանի առաջնորդութեամբ տհոլներու համոյթի ելոյթին յաջորդեց Յաւերժ Շխրտըմեանի կատարողութեամբ Եղիշէ Չարենցի «Յարդագողի ճամբորդները» բանաստեղծութեան ասմունքը: Դաշնակով Սարգիս Հալլաճեան նուագեց «Վաղարշապատի պարը», մինչ Հրակ Տեմիրճեան ջութակով եւ Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակով նուագեցին Պաղտասարեանի «Նոքթիւռն»ը:

«Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Ազգագրական պարերու շարան»-ը եւ «Կապոյտ թռչուն»-ը, մինչ «Քնար»-ը պարեց Արամ Խաչատուրեանի «Սուիտա»-ն եւ «Շալախօ»-ն: Ելոյթին մասնակիցները իրենց որակաւոր ներկայացումներով արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:

Համազգայինը արուեստին ընդմէջէն արժանավայել կերպով տօնեց Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակը` իր իւրայատուկ ոճով Արցախի շաբթուան տալով յատուկ երանգ:

Նախորդը

Այնճարի Մէջ Արցախեան Պահանջատիրութեան 25-ամեակ Եւ Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Իարայէլ Թուրքիայէն Ներում Հայցելու Կարելիութիւնը Կը Քննարկէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.