Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկութեան Ներկան. Կիներն Ու Աղջիկները Ամէնէն Աւելի Կը Կրեն Համաշխարհային Տնտեսական Տագնապին Ծանր Հետեւանքները

February 25, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Աղջիկները «լուսանցքային վիճակի դատապարտուած ամէնէն ստուար հաւաքականութիւնն են» աշխարհի տարածքին:

ԹԵՐԵՒՍ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՏԵԼ ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄԻՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ: ԻՍԿ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐԸ ՈՐԵՒԷ ՅՈՅՍ ՉԵՆ ՆԵՐՇՆՉԵՐ: ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԻՆԵՐ ԵՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ԽՈՑԵԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԵՆԹԱԿԱՅ` ՄԱՀԱՑՈՒԹԵԱՆ, ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան խմբաւորումներու եւ բարգաւաճումի ծրագիրներ մշակող կազմակերպութիւններու կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, կիներն ու աղջիկները ամէնէն աւելի ծանր կը կրեն համաշխարհային տնտեսական տագնապին հետեւանքները:

«Աշխարհը կը թերանայ աղջիկներուն եւ կիներուն նկատմամբ», կ՛ըսէ Փլեն ինթըրնեշընըլ էնտ տի օվըրսիզ տիւելոփմընթ ինսթիթութ (միջազգային ծրագրումի եւ արտասահմանի մէջ բարգաւաճումի հիմնարկ) կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը:

Տնտեսական նահանջին պատճառով բարձրացած է նորածին աղջիկներու մահացութեան համեմատութիւնը: Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով կիներ եւ աղջիկներ զոհ կը դառնան չարաշահութեան կամ սննդազրկութեան, ինչպէս կը յայտարարեն ուսումնասիրողները:

Այս երեւոյթը կրնայ չէզոքացնել այն դրական զարգացումները, որոնք արձանագրուած են վերջին տարիներուն, եւ որոնք նպատակաուղղուած էին իրականացնելու Հազարամեակի բարգաւաճումի ծրագիրները, կ՛աւելցնեն անոնք:

«Վերջին հինգ տարիներուն արձանագրուած բարելաւումները շատ տկար են», կ՛ըսէ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան Միջազգային ծրագիրի գործադիր տնօրէն Նայճըլ Չեփմըն:

«Ասիկա ցնցիչ է, որովհետեւ չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը իրապէս կ՛անդրադառնայ այս իրականութեան»:

Մահացող Մանուկներ

Հարցերը ծայր տուած են, երբ այս աղջիկները շատ փոքր էին, կ՛ըսէ Չեփմըն:

«Աղջիկները լուսանցքային վիճակի դատապարտուած ամէնէն ստուար հաւաքականութիւնն են աշխարհի տարածքին»:

«Տնտեսական նահանջին զուգահեռ նորածին աղջիկներու մահացութեան համեմատութիւնը հնգապատիկ արագութեամբ մագլցում արձանագրած է, բաղդատած` նորածին մանչերու մահացութեան համեմատութեան», կ՛աւելցնէ ան:

Այսպէս, իւրաքանչիւր 1 առ հարիւր համեմատութեամբ տնտեսական անկումի դիմաց նորածին աղջիկներու մահացութեան համեմատութիւնը կը հասնի 1000-ի վրայ 7.4-ի, մինչդեռ համեմատութիւնը 1.5 է մանչերու պարագային, կը նշէ Չեփմըն, մէջբերելով Աշխարհի դրամատան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է տնտեսական նահանջ ապրած 59 երկիրներու տարածքին:

«Ասիկա ծայրագոյն աստիճանի չքաւորութեան ամէնէն ցայտուն օրինակն է», կ՛ըսէ ան:

Յաւելեալ Աշխատանք, Նուազ Սնունդ

Տեղեկագիրը, որ կը պարունակէ ապացոյցներ շարք մը աղբիւրներէ, ինչպէս` ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կամ զեկոյցներ` հրատարակուած Աշխարհի դրամատան կողմէ, կը նշէ, թէ բաւարար տեղեկութիւններ չկան` որոշելու համար տնտեսական նահանջին ներգործութիւնը տարբեր սեռերու վրայ:

«Այսուհանդերձ, ինչ որ մէկտեղուած է, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ յատկապէս աղջիկներն ու երիտասարդ կիները յաւելեալ վտանգներ կը դիմագրաւեն տնտեսական անորոշութեան եւ անկումի ժամանակներուն», կը հաստատէ տեղեկագիրը:

Մինչ տնտեսական անկումին պատճառով կը տարածուի չքաւորութիւնը, անդին` հետզհետէ աւելի մեծ թիւով պարմանի աղջիկներ կը զրկուին տարրական կրթութենէ, կ՛ըսէ տեղեկագիրը:

Նախակրթարանի ուսումը կիսաւարտ ձգած աղջիկներուն թիւը մագլցում արձանագրած է 29 առ հարիւր համեմատութեամբ, իսկ մանչերուն թիւը` 22 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Բազմաթիւ ընտանիքներ դադրած են իրենց աղջիկ զաւակները դպրոց ուղարկելէ, որպէսզի անոնք աշխատին տան մէջ, որովհետեւ մայրեր ստիպուած են յաւելեալ ժամեր աշխատիլ եւ` նուազ աշխատավարձով, ինչպէս ի յայտ բերած են տեղեկագիրին հեղինակները:

Վերջերս հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, տնտեսական համաշխարհային նահանջին պատճառով շատ աւելի մեծ թիւով աղջիկներ դպրոց չեն յաճախեր եւ զրկուած են տարրական կրթութենէ:

«Աղջիկները դատապարտուած են առտնին աշխատանքներ կատարելու,- կ՛ըսէ Չեփմըն:- Իսկ անգամ մը որ անոնք դադրին դպրոց յաճախելէ, շատ դժուար է վերականգնել իրերու կշռոյթը»:

Շատ յաճախ տնտեսական անկումի զուգահեռ նկատուած է դեռատի աղջիկներու ամուսնութեան աճ: «Չքաւորութեան մատնուած ընտանիքներ պարզապէս կարողութիւնը չունին կերակրելու իրենց աղջիկ զաւակները եւ զանոնք կ՛ամուսնացնեն կանուխ տարիքին», կ՛ըսէ Չեփմըն:

Անչափահաս աղջիկներ նաեւ իրենց ընտանիքներուն կողմէ կ՛ուղարկուին աշխատանքի եւ երբեմն նոյնիսկ` մարմնավաճառութեան:

Տան մէջ կիներն ու աղջիկները նուազ սնունդ կը ստանան, որպէսզի ընտանիքին գլխաւոր «հացը վաստկողը» բաւարար սնունդ ստանայ: Հետեւաբար սննդեղէնի տագնապի եւ սննդազրկութեան համեմատութիւնները շատ աւելի բարձր են աղջիկներուն քով, քան` մանչերուն, իսկ ամէնէն աւելի` կիներուն, որոնք շատ աւելի մեծ զոհողութիւններ կը կատարեն իրենց զաւակներուն համար:

«Անոնք կը տկարանան եւ հետզհետէ աւելի վատառողջ կը դառնան,- կ՛ըսէ Չեփմըն:- Անոնք կ՛իյնան գահավիժող ոլորապտոյտի մը մէջ»:

Կիներ եւ աղջիկներ տնտեսական նահանջի իբրեւ հետեւանք` շատ աւելի կը տառապին լքուածութեան եւ չարաշահութեան պատճառով:

Իսկ յղութեան պարագային անոնք առաջուան բաղդատած` նուազ օգնութիւն կը ստանան: Մասնաւորաբար 14-19 տարեկան աղջիկներ կը դիմագրաւեն յղութեան պատճառով մահանալու վտանգը, ինչպէս կը նշէ տեղեկագիրը:

Աշխատանքի Առիթներ Ստեղծել

Տեղեկագիրին համաձայն, տնտեսական տագնապի ժամանակներուն կիներ եւ աղջիկներ նուազ հասողութիւն ունին տարրական սպասարկութիւններու եւ ընկերային ապահովութեան ցանցերու:

«Աղջիկներուն մարդկային հիմնական իրաւունքները հետզհետէ աւելի վտանգուած են», կ՛ըսէ տեղեկագիրին հեղինակներէն` Նիքոլա Ճոնզ, որ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Արտասահմանի բարգաւաճումի հիմնարկին մէջ:

Չեփմընի համաձայն, հարցին արմատը գլխաւորաբար «թաղուած է սեռերու անհաւասարութեան մէջ», թէեւ ժամանակակից մարտահրաւէրներ, ինչպէս խնայողութեան նպատակով կրճատուած պիւտճէներ եւ երկար ժամանակի վրայ երկարող տնտեսական ուղղութիւններ եւս դերակատար են:

Տեղեկագիրը կը յանձնարարէ մշակել միջազգային ծրագիրներ` երաշխաւորելու համար երիտասարդ կիներու բաւարար սննդառութիւնը, ընկերային ապահովութիւնը, դպրոց յաճախելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ` կրթութիւն ստանալէ ետք աշխատանքի առիթներու ստեղծումը:

«Պէտք է կամրջենք վիհերը աղջիկներու, կիներու եւ մանչերու, տղամարդոց միջեւ», կ՛ըսէ Չեփմըն:

 

Մեկնաբանութիւն

Աղջիկներու եւ կիներու վրայ տնտեսական համաշխարհային տագնապին ազդեցութեան վերաբերող տեղեկագիրը հրապարակուած է ճիշդ այն պահուն, երբ յունուարի վերջերուն Տաւոսի մէջ տեղի կ՛ունենար Աշխարհի տնտեսական համագումարը:

Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան եւ բարգաւաճումի ծրագիրներ մշակող կազմակերպութիւններ կը յուսային գրաւել ուշադրութիւնը համաշխարհային քաղաքական եւ տնտեսական ղեկավարներու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քիմունի, որ ներկայ եղաւ համագումարին` հետեւելու համար Հազարամեակի բարգաւաճումի ծրագիրներու գործընթացին եւ անոր արձանագրած յառաջդիմութեան:

Հազարամեակի բարգաւաճումի 8 ծրագիրները կը միտին մինչեւ 2015 «կէսի իջեցնել ծայրայեղ չքաւորութիւնը, կասեցնել ՍԻՏԱ-ի տարածումը եւ ապահովել տիեզերական տարրական կրթութիւն: Այս նպատակները սկիզբը կը վայելէին զօրակցութիւնը 189 երկիրներու պետութիւններու, որոնք 2000-ին որդեգրած են Հազարամեակի հռչակագիրը:

Այս տարի Տաւոսի մէջ կը տիրէր այն համատարած տպաւորութիւնը, թէ ժամանակ չէ մնացած, թէ` բազմաթիւ մարզերու մէջ շատ քիչ բան իրագործուած է, եւ թէ` նորագոյն դժուարութիւններու վերաբերող տեղեկագիրներ լսելէ ետք հարկ է զանոնք դիմագրաւելու որոշումներ կայացնել:

Նախորդը

Մարդկութեան Ներկան. Ամերիկեան Երազը Եւ Անհաւասարութեան Խորացումը

Յաջորդը

Արցախէն Նախիջեւան… Հայ Ազատամարտիկներուն

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.