Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անծանօթ Ուսուցիչը

February 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուած Րաֆֆի Պալեանին մեկնումը այս աշխարհէն եղաւ լուռ եւ խորհրդաւոր: Շատեր նոյնիսկ չիմացան, հուսկ չտրտմեցան: Առանց փող ու թմբուկի, անաղմուկ կերպով հեռացաւ ան: Քիչեր միայն զգացին, սգացին կամ լացին: Իր կեանքի վերջալոյսին, կեանքին հետ պայքարած, յաղթուած, սակայն ինքնաբաւ ու գոհունակ կը մեկնէր ան` պարտականութիւնը լրիւ կատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ: Իր ուսուցչական ասպարէզի երկարատեւ շրջանին  ան իր ուսանողներուն մէջ կրցած էր ներարկել իր մեղմաբարոյ խառնուածքին ու բնաւորութեան, համեստ ու ազնիւ մարդու նկարագիրի առաքինի յատկանիշերը: Սիրած էր զանոնք ու սիրուած էր հաւասարապէս: Բանակ մըն են անոնք, ցրուած աշխարհի չորսդին, շատեր բարձր պաշտօններու վրայ, որոնք այս պահուն տեղեակ իսկ չեն, թէ այս երկրէն յաւէտ բաժնուած է իրենց սիրելի ուսուցիչներէն ամէնէն անծանօթը` Րաֆֆի Պալեանը: Անոնց ձայնին ու խօսքին թարգմանը ըլլալու պարտականութեամբ կը սգամ ուսուցիչ Րաֆֆի Պալեանի, քիմիագիտութեան մեր հմուտ, համեստ ու սիրելի ուսուցիչին շիջումը: Անոր մխիթարութիւնը մեր երախտագիտութիւնն է իրեն հանդէպ. անոր վաստակը` իր պատրաստած բանակն է յաջողակ հայորդիներու` ամէնուրեք ցրուած:

Դասընկեր մը` լսելով մահուան գոյժը, պիտի գրէր ինծի. «Այնպիսի ժամանակներու, երբ համացանցն ու «կուկըլ»-ով նաւարկելու, պրպտելու եւ գիտնալու կարելիութիւն տակաւին չկար, ինք իր խանդավառող ու պատկերաւոր բացատրութիւններով գիտէր երեւակայութեամբ գրգռել մտքերը ու վերածել զանոնք քիմիական աշխատանոցի մը, ուր հրաշքներ կարելի էր գործել»: Այդ հաւատքով, եռանդով կը դասաւանդէր դոկտ. Պալեան իր սիրած նիւթը` քիմիագիտութիւնը, նոյնիսկ յաւելեալ պահեր ճշդելով յետմիջօրէներուն ու յոգնեցնելու չափ բացատրելով, մինչեւ որ վստահ ըլլար, որ մարսած էինք իր աշխատանոցի նիւթը` հրաշք քիմիան, կարծէք անմահութեան բաղադրութիւնը ըլլար իր փոխանցածը:  Հպարտ էր իր ուսանողներով, կը քաջալերէր զանոնք, որ ձգտին աւելիին, առանց քննադատելու կամ պարսաւանքի, միշտ ժպտուն եւ քաջալերական խօսքով մը:

Որքան ծանօթ է ինծի, իր արտադպրոցական կեանքը եղաւ նեղ պարունակի մը մէջ շրջափակուած: Իր կեանքը իր ասպարէզն էր, զոր սիրեց ու նուիրուեցաւ անոր ու որպէս այդպիսին մնաց անծանօթ դուրսի աշխարհին, բայց` իր աշակերտներով կեանք ու խանդ ապրող մարդն ու մշակը:

Վարձքդ կատար, դոկտ. Պալեա՛ն:

ՆԱԽԿԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏ

Նախորդը

Րաֆֆի Հայկ Պալեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Ցնցող Բացայայտումը. Ամէն Մարդ Դրամով Չի Գնուիր

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.