Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարպիս Եսայեան. Մահուան Քառասունքին Առիթով

February 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ

Կարպիս Եսայեան քանի մը տարի առաջ մեկնած էր Քանատա, հարազատներուն մօտ: Եւ շուտով կապ հաստատած էր Մոնրէալի հայ հանրային կեանքին հետ. յաճախած էր ակումբ, եկեղեցի եւ այլ հաւաքավայրեր եւ ծանօթացած` բազմաթիւ երկիրներէ եկած հայ անհատներու հետ:

Լիբանան ապրող իր բարեկամները տեղեակ պահած էր Քանատա եղող հայ կեանքի հանդիսութիւններու մասին: Ուրախ էր` խանդավառ եւ հայրենասէր հայ գաղութ մը գտնելով Քանատայի մէջ, գաղութ մը, որ տակաւին բարձր կը պահէր հայկական աւանդութիւնները եւ հայ արժէքները:

Կարպիս Եսայեան հաւատարիմ մնացած էր ինքնիրեն, ինչ որ էր Լիբանանի մէջ, եղած էր նոյնը Քանատայի մէջ, իր շահագրգռութեան ծիրը հայ հանրային կեանքն էր:

Լիբանանի պատերազմի սկզբնական տարիներուն շատ մը կազմակերպութիւններ լուծուած էին, վարչութիւնները ցրուած եւ անկարողութեան մատնուած: Կարպիս Կեսարիոյ Միութեան անդամ էր եւ այն ժամանակ շատ մտահոգուեցաւ, երբ տեսաւ ձեռնթափ եղած վարչութիւնը. միութիւնը ունէր կալուածներ, ունէր եկամուտ. ճիշդ ժամանակն էր, որ միութիւնը օգնութեան հասնէր պատերազմի պատճառով նեղութեան մատնուած հայորդիներուն: Կարպիս ոգի ի բռին աշխատեցաւ, իր անձնական միջոցներով տեսնուեցաւ բոլորին հետ, համոզեց, գօտեպնդեց տկարները եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ միութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ նոր խանդի եկած ընկերներու հետ միութիւնը ժրաջան աշխատանքով կրցաւ օգտակար ըլլալ շատերուն:

Հայ ազգէն ժառանգած ենք, կ՛ըսէր Կարպիս, մեր ինքնութիւնը եւ մեր հոգեմտաւոր մշակոյթը, պարտաւոր ենք մեր հանրային աշխատանքով վերադարձնել մաս մը հայ ազգին եւ անոր բարօրութեան: Պէտք է վեր բարձրանալ անձնականէն եւ կարելի չափով սատարել հանրայինին եւ Հայ դատին:

Ան նոյն այս ոգիով մեծցուց նաեւ իր զաւակները, եւ վստահ ենք, որ անոնք ալ նոյն ուղիով կը շարունակեն ծառայել հայ ազգին եւ Հայ դատին:

Յիշատակդ անթառամ մնայ սիրելի՛ Կարպիս:

 

Նախորդը

Հայոց Ապրելու Բանաձեւը

Յաջորդը

Րաֆֆի Հայկ Պալեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.