Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննման Վեհափառ

February 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ԻՇԽԱՆ

Արցունքի եւ աղօթքի փոխարէն` ընդունէ սա քանի մը բառերը, որոնք այնքան տժգոյն են եւ այնքան տկար` քու ճաճանչող յիշատակիդ առջեւ…

Ժողովուրդդ ամբողջ, մեծով ու պզտիկով, իր սրտին խորերէն եւ իր արցունքներուն ամէնէն դառն ու տաք շիթերովը կու լայ ետեւէդ, աննմա՛ն վեհափառ, կու լայ կանաչ արեւդ, կու լայ անվերադարձ մեկնումդ… եւ այս լացը ոչ հանդիսաւոր սուգերու վարակիչ յուզումն է, ոչ ալ արքայական դագաղներու վրայ թափուած հնօրեայ առասպելը:

Դուն մէկ անձ ես, բայց այսօր ամէն հայ տուն քու անձիդ կորուստով ի՛ր հարազատը հողին կը յանձնէ, իր սրտին հատորը կ՛ողբայ:

Այսքան կարճ կեանքով եւ այսքան արագօրէն ինչպէ՞ս յաջողեցար տիրել հարիւր հազարաւոր սրտերու, ինչպէ՞ս կրցար բոլոր զգացումներէն վեր` սիրոյ հրաշքը բռնկեցնել հոգիներու մէջ:

Կարելի՞ է երեւակայել աւելի մեծ յաղթանակ, քան այն յաղթանակը, զոր դուն շահեցար:

Դուն վեհափառ հայրն էիր այս ժողովուրդին, բայց ահա հայ մամիկները Քեզ կ՛ողբան իբրեւ իրենց անգին զաւակը, հայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները` իրենց անհունօրէն սիրելի եղբայրը:

Այսպիսի մտերիմ ու հարազատ զգացում բազմութիւններու սրտին մէջ ո՛չ իշխանական ծիրանիով հնարաւոր է ստեղծել, ո՛չ ալ հայրապետական մականով:

Դուն ուրիշ գաղտնիք մը ունէիր, աննման վեհափառ, ուրիշ հրապոյր, ուրիշ զօրութիւն: Դուն վարդապետ, եպիսկոպոս եւ կաթողիկոս ըլլալէ առաջ Մարդ էիր, մարդկային արժանեաց ազնուագոյն յատկութիւններով լուսազարդուած: Թագերն ու գահերը, դիրքերն ու փառքերը չկրցան շուք ձգել քու անսահման բարութեանդ, պարզութեանդ, համեստութեանդ վրայ: Ընդհակառակն, քու գրաւած գահդ գիտցար ասոնցմով փառաւորել: Գաղափարապաշտ մարդու ճառագայթող հաւատքդ ճակտիդ լաւագոյն լուսապսակը դարձաւ: Եթէ չվախնամ խոնարհութեան տիպար հանդիսացող անձիդ յիշատակը վիրաւորելէ, պիտի ըսեմ, որ դուն կենդանի Աւետարանն էիր ամէնուն հանդէպ քու բարի սիրտով, ամէնուն համար յորդաբուխ քու սիրով… քեզ օրն ի բուն քարկոծող թշնամիներդ իսկ կուրծքիդ սեղմելու չափ մեծ սիրտ ու մեծ սէր ունէիր, անյիշաչա՛ր վեհափառ:

Եւ ինկար սրտէդ վիրաւոր…

Շա՜տ է թիւը անոնց, որոնք գիտունի, իմաստունի կամ քերթողի համբաւ կը շահին: Բայց շա՜տ քիչ է եւ հետզհետէ աւելի քիչ կը դառնայ անբասիր մարդու կոչումով մա՛րդը բարձրացնող անուններու թիւը:

Դուն հայ ժողովուրդին արժանաւոր զաւակը եղար եւ` Աստուծոյ հարազատ որդին: Հայ ազգի եւ հայ եկեղեցիի բոլորանուէր սպասարկուն միանգամայն, որովհետեւ քեզի համար այս երկու արժէքները մէկ էին եւ անբաժանելի:

Եւ այսօր, թէ՛ ժողովուրդ, թէ՛ եկեղեցի, քու քաղցր անունիդ, քու ծաղկուն յիշատակիդ բոյրով տոգորուած, չեն ուզեր հաւատալ, չեն կրնա՜ր հաւատալ, որ դուն չկաս:

Ինչպէ՞ս հաւատան, երբ քու անվերադարձ մեկնումովդ մեր կեանքի անդաստանէն հոգեկան ուժի կենսունակ ծառ մը կը տապալի եւ լուսաշող յոյսի ժպիտ մը կը մարի:

Մնա՛, վեհափա՛ռ, մնա՛ մեր մէջ միշտ` քու հոգիիդ անսպառ բարութեամբ, քու դէմքիդ սրտագրաւ քաղցրութեամբ, քու նայուածքիդ վարակիչ սէրով եւ քու առաքելութեանդ անսասան հաւատքով:

Մնա՛, աննման վեհափառ, մնա՛, մի՛ մեկնիր…

 

Նախորդը

Հովիւ Քաջ Ու Բարի

Յաջորդը

Հանգիստ. Նսօտտ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Երանաշնորհ Գահակալին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին (1915-1963)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.