Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԲԱԳԻՆ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԱՀԱՊԵՏ ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ «ԿԱՆՉ» ԵՒ «ԼԱԿՈՏ» ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

May 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր ունեցածը հայրենիքն է,
բոլորս հաւասարենք նրան»:
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

 

Ընթերցման հանդիպումին ներկաները

«Պէյրութի մէջ ամէնէն սիրած տեղն է «Բագին»ը» յուշագրական մէջբերումով Անուշ Թրուանց ներկայացուց հայ թատրոնի նահապետ Սօս Սարգսեանը:

«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ընթերցումի հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ խումբ մը հայ մտաւորականներ ժամադրուած էին հայրենաշունչ գրական ներկայացումով:

Արդարեւ, «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան իր ողջոյնի խօսքով անդրադարձաւ Սօս Սարգսեանին, իբրեւ հայրենի մտաւորական, ազգային-հասարակական դէմք ու հայ թատրոնի մշակ: Այս առիթով Գրիգորեան մտահոգութիւն յայտնեց գրականութեան ու առհասարակ մամլոյ նկատմամբ հայ նոր սերունդի անտարբերութեան գծով` փափաքելով գործնական լուծումի մը յանգիլ:

Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր-բանախօսը` «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամ Անուշ Թրուանցը: Մասնագիտութեամբ լրագրող Թրուանց այժմ կը բնակի Լիբանան եւ հայրենի մշակութային ու արուեստի դէպքերու եւ դէմքերու մասին իր էջը կը պատրաստէ «Ազդակ»ի մէջ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Անուշ Թրուանց ներկայացուց Սօս Սարգսեան մարդը, ազգային-հասարակական դէմքը թատրոնի սիրահարի իւրայատուկ ներկայութիւնը: Յաճախակի մէջբերումներ կատարելով` Թրուանց ընթերցեց Սօս Սարգսեանի յուշագրած տպաւորիչ պահերը, անոր կեանքի անկիւնադարձային հանգրուաններուն վերաբերող խորհրդածութիւնները:

«Կանչ» հատորին մէջ, Սօս Սարգսեան ի միջի այլոց իւրայատուկ հարազատութեամբ կը պատկերացնէ իր եւ Մհեր Մկրտչեանին ընկերակցող թատերախումբի Պէյրութ անդրանիկ ժամանումը 1966-ին: Յուզմունքով կը յիշէ լիբանանահայ 200 հազար հայորդիներուն ջերմ ու արցունքոտ աչքերով ընդունելութիւնը:

Ապա, ան յատուկ պատկերացումով կը վերյիշէ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած թատերական դէմքերը, ինչպէս Հրաչեայ Ներսիսեան, Աւետ Աւետիսեան, Մհեր Մկրտչեան, Հրանդ Մաթեւոսեան…

Իսկ «Լակոտ» հատորը ներկայացնելով` Թրուանց ընթերցեց հատուածներ Լոռիի մէջ պատահած դրուագէն, ուր երեք հայորդիներ, ճակատագիրին ու «համակարգ»ին զոհ երթալով, նախ դասընկեր-բարեկամներ կ՛ըլլան, ապա մինակ եւ տխուր կեանք մը կ՛ապրին:

Աւարտին, Թրուանց պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԻՒՂԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՍԹԱԹԻՒՍ ՔՈՅԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՌԱՆՑՔԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈ՞ՒՄ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.