Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը, տուաւ շարք մը որոշումներ:
Ֆետերասիոնը իրեն անդամակցած բոլոր ակումբներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ բոլոր այն մարզիչները եւ մարզիկները, որոնք կը փափաքին ասիական մարզիչի դասընթացքներու հետեւիլ, Գ. կարգի վկայագիր ստանալու համար քննութիւններ կատարել, պէտք է իրենց անունները ֆետերասիոնին ներկայացնեն առաւելագոյնը մինչեւ 25 փետրուար 2013:
Այդ դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 1-13 ապրիլ 2013-ին` Պէյրութի մէջ:
Թեկնածուները պարտին ֆետերասիոնին ներկայացնել.
- Պաշտօնական նամակ` իրենց ակումբէն:
- Անցագիրի գունաւոր լուսապատճէն:
- Մարզական աշխարհին մէջ իրենց մասին ամփոփ տեղեկութիւններ (Սի. Վի.)` անգլերէնով:
- Լուսանկար մը:
- 200 ամերիկեան տոլար (մասնակցութեան սակ):
Հրապարակուեցաւ նաեւ ցանկը այն մարզիչներուն, որոնք Բ. կարգի վկայագիր ստացած են նախապէս` մասնակցելու համար ասիական յատուկ դասընթացքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ֆիզիքական լաւ պատրաստուածութիւն ձեռք ձգել: Այդ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18-24 մարտ 2013-ին` Պէյրութի մէջ:
Նշենք, որ հրապարակուած այդ ցանկին մէջ է Յակոբ Տեմիրճեան, որ 24 անձերուն մէջ միակ հայն է:
Ռիատա Ուալ Ատապ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ Շապապ Թրիփոլիի դէմ 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, որովհետեւ դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը:
Նոյն պատճառով տուգանքի ենթարկուեցաւ նաեւ Ֆաժըր Արապսալիմ եւ բնականաբար 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Սաֆա 2:15 Թրիփոլի
Ահտ – Թրիփոլի 2:15 Ժունիէ
Նըժմէ – Շապապ Ղազիէ 2:15 Սայտա
Թատամոն Սուր – Անսար 5:30 Սուր
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Սալամ Սուր – Ախա Ահլի Ալէյ 2:15 Սուր
Ռասինկ – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Մապարրա Սաժես 2:15 Ահտ
Ահլի Նապաթիէ – Խըյուլ 2:15 Քֆարժոզ
Հարաքեթ Շապապ – Ֆաժըր Արապսալիմ 2:15 Զղարթա
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Սալամ Զղարթա – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Զղարթա
Ահլի Սայտա – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:15 Սայտա
Մաուատտէ Թրիփոլի – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Թրիփոլի
Նեպի Շիթ – ՀՄՄ 2:15 Նեպի Շիթ
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի փլէյ-օֆի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թատամոն Պէյրութ – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 2:15 Ժունիէ
Շեպիպեթ Մազրաա – Ամալ Թրիփոլի 2:15 Անսար
Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՉՓՈԽԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ռիատի Ապպասիէ – Ժաուատ Թրիփոլի 2:15 Անսար
Պարաղեմ Նապաթիէ – Ուաֆա Ղըպէյրի 2:15 Սաֆա
Վերջին բաժինով, ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին Սատաքա հանդիսացաւ 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեան: Այսպիսով, անիկա Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ասիական ակումբներու ֆութսալի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20-25 ապրիլ 2013-ին` Սինկափուրի մէջ (Մալեզիա):


